Բարեկամութեան կամուրջ Երեւանի եւ Պելճիգայի դպրոցներու միջեւ. լուսանկարներ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/11.jpg)
«Քոյր դպրոցներ» ծրագիրը` գործողութեան մէջ. ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը 2009 թուականէն կ’իրականացնէ Հայաստանի եւ սփիւռքի կրթօճախներու միջեւ «Քոյր դպրոցներ» ծրագիրը, որուն արդիւնքով սփիւռքի տարբեր տարածաշրջաններու եւ հայաստանեան աւելի քան 2 տասնեակ կրթօճախներու միջեւ ստեղծուած են կապեր, աշխոյժ համագործակցութիւն կը ծաւալի համատեղ կրթական ծրագիրներու մշակման, առանձին հայագիտական
դասընթացներու հեռավար ուսուցման ուղղութեամբ, կազմակերպուած են փոխայցելութիւններ` տեղուոյն վրայ իրար ճանչնալու եւ ուսումնամեթոտական ծրագիրներուն տեղեկանալու նպատակով:
«Քոյր դպրոցներ» համագործակցութիւնը, սերտ կապերը կը նպաստէ ուսումնական, արտադպրոցական, հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան, հայապահպանութեան գործին մէջ:
«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` վերջերս նման ծրագիրի իրականացման ուղղութեամբ աշխատանքներ տարուեցան Պելճիգայի Լիեժ քաղաքի «Մեսրոպ Մաշտոց» մշակութային կեդրոնի կիրակնօրեայ եւ Երեւանի Ստ. Շահումեանի անուան թիւ 1 հիմնական դպրոցներուն հետ, որուն արդիւնքով այս տարուան Սեպտեմբեր 1-ին`
գիտելիքի, գիրի եւ դպրութեան օրը երկու կրթօճախներուն միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր: Փաստաթուղթը ստորագրուեցաւ Լիեժէն միութեան նախագահ Լուսինէ Ներսիսեանի եւ թիւ 1 դպրոցի տնօրէն Կարինէ Սաքանեանի կողմէ:
Ձեռնարկին ներկայ էին նախարարութեան աշխատակիցներ, «Կեդրոն» վարչական շրջանի ղեկավար Ա. Սադոյեան, սփիւռքահայ ուսուցիչներ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ռուսաստանէն:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան, շնորհաւորելով դպրոցները, աշակերտները, մանկավարժներն ու ծնողները Գիտելիքի, գիրի ու դպրութեան օրուան եւ «Քոյր դպրոցներ» յուշագիրի կնքման առթիւ, խօսեցաւ Հայրենիքէն հեռու հայ դպրոց պահելու, հայ երեխաներուն հայեցի կրթելու եւ դաստիարակելու մեծագոյն առաքելութեան նշանակութեան մասին: Միաժամանակ նշելով, որ Հայաստանի դպրոցները մեծ դեր ունին հայապահպանութեան գործին սատարելու, ուժերու ներածին չափ Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն օգնելու, աւագ խորհրդատուի, գործընկերոջ խնդիրին:
Երկու հաստատութիւններու ղեկավարները շնորհակալութիւն յայտնեցին սփիւռքի նախարարութեան, որ բազմաթիւ հայապահպանական ծրագիրներու, հսկայական աշխատանքներու շարքին մէջ մշտական հոգածութեան կ’արժանացնէ սփիւռքի հայ համայնքներու կրթամշակութային խնդիրներու լուծումը: Անոնք
նշեցին, որ նման ծրագիր իրականացնելը, իրենց ղեկավարած դպրոցները այս ծրագիրէն ներս ներգրաւելը կը համարեն մեծ պատիւ եւ մեծ պատասխանատուութիւն:
Ստ. Շահումեանի անուան դպրոցի տնօրէնը հաւաստիացուց, որ իր դպրոցի աշակերտական խորհուրդը, մանկավարժական անձնակազմը եւ ծնողական համայնքը ամէն ինչ կ’ընեն` յուշագիրի կէտերը իրականացնելու համար:
Լիէժի «Մեսրոպ Մաշտոց» միութեան եւ դպրոցի ղեկավար Լուսինէ Ներսիսեան յոյս յայտնեց, որ գործակցութիւնը հայաստանեան դպրոցին հետ երկուստեք շահաւէտ պիտի ըլլայ, որովհետեւ պիտի նպաստէ կրթական, մշակութային տեղեկատուութեան փոխանակման: Ինչպէս նաեւ կրթօճախներու մանկավարժներու եւ աշակերտներու փոխճանաչման նպատակով փոխայցելութիւններու կազմակերպման, մանկավարժական
փորձի փոխանակման, առցանց հաղորդակցութեան ապահովման, հայագիտական առարկայական դասընթացներու մշակման: