Պեռլինի Մէջ Հայ, Թուրք եւ Գերմանացի Պատմաբանները Պիտի Քննարկեն Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը

Պեռլինի մէջ Սեպտեմբեր 5-­ին տեղի պիտի ունենայ  գերմանական Հայնրիխ­ Պէօլլ հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած «Անցեալի ներկան. 1915թ. Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 տարի անց» խորագիրով խորհրդաժողովը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Խորհրդաժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գան Հայնրիխ Պէօլլ հիմնադրամի տարածաշրջանային ղեկավար Սերգէյ Լակոտինսքին եւ Գերմանահայկական ընկերակցութեան նախագահ Ռաֆֆի Գանդեան:

Քննարկման հիմնական թեմաները պիտի ըլլան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, վերապրածներու յուշերը եւ, թէ ինչպէս պէտք է այսօր անդրադառնալ այդ հարցերուն:

Ելոյթ պիտի ունենան հայ, թուրք եւ գերմանացի բանախօսներ: Խորհրդաժողովին ելոյթներով հանդէս պիտի գան Պունտըսթակի փոխնախագահ Գլաուտիա Ռոթը եւ Պունտըսթակի այլ պատգամաւորներ:

Scroll Up