ԱՄՆ-ի մէջ գեղեցկութեան մրցոյթի յաղթողը պատմած է սուրիահայերուն հետ ընկերութեան եւ հայերէն սորվելու մասին

22­-ամեայ Ֆապիոլա ալ Իպրահիմը, որ այս տարի ճանչցուած է «Միսս արաբ ԱՄՆ—2015» գեղեցկութեան մրցոյթի յաղթող, պատմած է, թէ ինչպէս  պատանեկութեան տարիներուն ընկերութիւն ըրած է սուրիահայերու հետ եւ ինչպէս  դրացիներու օգնութեամբ սորված է հայերէն:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»­ը` վկայակոչելով Armenianlife­ը, գեղեցկուհին, որուն մանկութիւնը անցած է ԱՄՆ-ի մէջ, իսկ յետագայ ողջ կեանքը Սուրիոյ մէջ, խոստովանած է, որ իրենց թաղամասին մէջ ամէնէն շատ կը սիրէր ծանօթանալ հայերու հետ:

Անոնց օգնութեամբ գեղեցկուհին սորված է հայերէն, անգամ պատրաստած հայկական թխուածքներ: Ֆապիոլան պատմած է, որ դպրոցական տարիներուն հայ աղջիկներու հետ միասին մասնակցած է նուագախումբի մը եւ հէնց այնտեղ ալ առաջին անգամ լսած է հայկական երաժշտութիւն ու հայկական երգեր: Գեղեցկութեան մրցոյթին մասնակցելուն զուգահեռ Ֆապիոլան բժշկութիւն  ուսանած է Վիրճինիոյ համալսարանին մէջ:

Հիւանդանոցին մէջ աշխատելուն հետ մէկտեղ այժմ  գեղեցկուհին մտադիր է կեդրոն բանալ, ուր երեխաները հնարաւորութիւն կը ստանան սորվելու արուեստ, երաժշտութիւն, բարոյագիտութիւն եւ բանաւոր խօսք:

Scroll Up