ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց Մաթիու Արա Թորիկեանը

Օգոստոս 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Գանատայի Օնթարիօ նահանգի համայնքային անվտանգութեան ծառայութիւններու փոխնախարար Մաթիու Արա Թորիկեանը` տիկնոջ եւ դուստրի հետ:

 Ողջունելով հիւրը` նախարարը ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ օտար ափերում կարողացել էք հասնել նման բարձր պաշտօնի: Կրկնակի ուրախութիւն է, որ Դուք կապուած էք Ձեր ազգային արմատներին եւ ցանկանում էք ամրապնդել կապը Հայաստանի հետ: Աշխարհում մեր ամենամեծ հարստութիւնը հէնց նման հայերի գոյութիւնն է»:

 Նախարարը խօսեցաւ  Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան մասին` շեշտելով, որ հայ ըլլալը եւ՛ հպարտութիւն է, եւ՛ պարտականութիւն: «Այդ պարտականութիւններից առաջինը Հայրենիքի հզօրացմանը նպաստելն է: Նման գործունէութիւնը միայն ֆինանսական աջակցութեան բնոյթ չի կրում: Յաճախ հետաքրքիր գաղափարներն ու խորհրդատուութիւններն առաւել կարեւոր են: Ձեր պարագայում` Համայնքային անվտանգութեան փոխնախարարի գործնական փորձն ու փորձառութիւնը շատ աւելի օգտակար կարող են լինել մեր երիտասարդ պետութեան համար, քան հազարաւոր տոլարները»- ըսաւ նախարարը:

 Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, Մաթիու Թորիկեան պատմեց իր հայկական ծագման մասին` տեղեկացնելով, որ Թորիկեան եւ Չիչեկեան ազգանուններով իր նախնիները Էրզրումէն եւ Տիգրանակերտէն են, եւ  որ ինք  մշտապէս իր  հոգիին մէջ կը կրէ անոնց մասին յիշողութիւնները:  Հայաստան գալով, կը փորձէ դուստր` Թալինի միջոցով վերագտնել իր ազգային պատկանելութիւնը եւ ինքզինքը զգալ որպէս հայութեան մէկ մասնիկը:

 Այնուհետեւ, զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին ներկայիս հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, սուրիահայութեան հիմնախնդիրներուն եւ այլ հարցերու շուրջ:

a1 a2

Scroll Up