Գանատայի վարչապետը հանդիպում ունեցած է սուրիահայ փախստականներուն հետ

Օգոստոս 10-ին Գանատայի վարչապետ, Պահպանողական կուսակցութեան առաջնորդ Սթիւեն Հարփերն ու իր ընտանիքը Թորոնթոյի մօտակայքը գտունող ղպտիներու Սուրբ Մարկոս եկեղեցւոյ մէջ հանդիպած են սուրիահայ փախստական ընտանիքի մը:Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնեն Հայ-գանատական պահպանողական ընկերակցութենէն (Armenian Canadian Conservative Association):
Գանատայի վարչապետը զրուցած է սուրիահայ Լեւոն Տանայեանի, անոր տիկնոջ` Մայդա Մոմճեանի եւ անոնց երկու երեխաներու` Արազի եւ Գէորգի հետ, որոնք Գանատա տեղափոխուած են այս տարուան Յունիսին:
Հանդիպման ժամանակ սուրիահայ ընտանիքը Գանատայի վարչապետին փոխանցած է հարիւրաւոր իրաքահայ եւ սուրիահայ փախստականներու անունէն ստորագրուած շնորհակալան մեծ բացիկ, որմով անոնք երախտագիտութիւն կը յայտնեն գանատական կառավարութեան իրենց աջակցելու համար:
Հանդիպումէն յետոյ վարչապետը յայտարարած է, որ վերընտրուած Գանտական պահպանողական կառավարութիւնը հանդէս կու գայ նոր` երեք տարի տեւողութեամբ եւ 9 միլիոն տոլար ծաւալով ծրագիրով` աջակցելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ հետապնդումներու եւ հալածանքներու ենթարկուած կրօնական փոքրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ` հայ քրիստոնեաներուն:
Վարչապետին առաջարկած այս ծրագիրը կը նախատեսէ յառաջիկայ 4 տարիներուն ընթացքին Գանատայի մէջ ընդունիլ Իրաքէն եւ Սուրիայէն շուրջ 10 հազար փախստականի:
«Ամուր ժողովրդավարական հասարակութիւնները, ինչպէս Գանատան, կը յարգեն կրօնական բազմազանութիւնը: Վերընտրուած Պահպանողական կառավարութիւնը պիտի շարունակէ սատարել կրօնական ազատութիւնը եւ պաշտպանել կրօնական փոքրամասնութիւններուն` ատիկա համարելով որպէս Գանատայի արտաքին քաղաքականութեան հիմնասիւններէն մէկը»,- ըսած է վարչապետ Հարփերը: