Ամերիկացի արուեստագէտը Սթամպուլի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած երկամեայ նախագիծ կը ներկայացնէ

Ամերիկացի արուեստագէտ Մայքլ Ռակովիչ Սթամպուլի 14-րդ երկամեայ  ցուցադրութեան կը ներկայացնէ  նախագիծ մը, որ կ’անդրադառնայ 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան թեմային արհեստի եւ ճարտարապետութեան աւանդոյթներու ծիրէն ներս, կը յայտնէ «Արմէնփրէս»ը:

 artforum.com կայքի փոխանցմամբ` ցուցադրութիւնը պիտի բացուի Գալաթա յունական դպրոցին մէջ Սեպտեմբեր 5-ին եւ կը տեւէ մինչեւ Նոյեմբեր 1: Ցուցադրութիւնը պիտի կրէ «Մարմինները ձերն են, ոսկորները` մերը» անուանումը: Աշխատանքի համար հիմք  հանդիսացած է 70-ամեայ թուրք Քեմալ Ճիմ  Պիզի պատմութիւնը, որ երբ փոքրիկ տղայ էր, աշակերտած է արհեստաւոր հայու` Կարապետ Սեզայիրլեանի մօտ:

Վերջինս Սթամպուլի մէջ յայտնի էր իր գաճաքարէ զարդաքանդակներով, պատի եզրազարդերով: Հազուադէպ կը պատահէր, որ թուրք մը հայ վարպետի մօտ ուսման կ’երթար, սակայն Քեմալ այդ քիչ յաջողակներէն էր: Կայքը կը գրէ, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերը արհեստի ու արուեստի ներկայացուցչական դասն էին: Ձեռքի աշխատանքը, որ կը ներառէր ճարտարապետութիւնն ու շինարարութիւնը, կը համարուէր փոքրամասնութիւններու աշխատանքը:

Այդ եզրազարդերու իւրայատկութիւնը, ըստ արուեստագէտին, կը կայանայ անով, որ ատոնց մէջ հայկական ձեռքերու ու մատներու հետքերն են, որոնք լուռ վկայութիւնն են Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915 թուականին իրագործուած մեծ ոճրագործութեան` Հայոց ցեղասպանութեան եւ ատկէ յետոյ եղած բռնաճնշումներուն ու ջարդերուն:

Աշխատանքը հայ վարպետի մասին չէ, այլ արհեստը վարպետէն աշակերտին փոխանցելու մասին: Միւս կողմէ` ցուցադրութեան առանցքին է թուրք վարպետին եւ յունական Գալաթա դպրոցին կապը:

Scroll Up