Ռումանիոյ Պոդոշան Քաղաքի Հայկական Գերեզմանատան Մէջ Օծուած է Սբ Աւետման Մատուռը

Ռումանիոյ Պոդոշան քաղաքին մէջ Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանի ձեռամբ օծուած է քաղաքի հայկական հնամեայ գերեզմանատան Սբ Աւետման մատուռը, որ նորոգուած էր հայ բարերար տիկին Էմանուէլա Գոգոդա Ֆերհաթեան Կոյլաւի օժանդակութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն Ռումանիոյ Հայոց թեմի մամուլի ծառայութենէն:

Մատուռի օծման կարգէն ետք՝ սրբազան հայրը Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցած է նորաօծ մատուռին մէջ: Սբ պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է տիկին Էմանուէլա Գոգոդային, որ աստուածահաճոյ գործ կատարեց` վերանորոգելով Աստծոյ տաճարը: Իբրեւ  երախտագիտութեան նշան` Տաթեւ սրբազանը օրհնութեան գիր յանձնած է տիկին Էմանուէլա Գոգոդային:

Պոդոշան քաղաքի մէջ սրբազան արարողութեան ներկայ եղած են Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան, ՀՀ դեսպան Համլէթ Գասպարեան, Ռումանիոյ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարուժան Փամպուքչեան, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր հաւատացեալներ Պուխարեստէն, Բիդեշդէն, Սուչաւայէն եւ Ֆոգշանէն:

Սբ պատարագէն յետոյ, ձեռամբ թեմակալ առաջնորդի, եկեղեցւոյ բակին մէջ օրհնուած է մատաղը եւ բաժնուած հաւատացեալներուն:

Scroll Up