Դանիէլ Վարուժան (Չպուքքեարեան, 1884-1915). Հայ ժողովուրդի բանաստեղծական հանճարին նահատակութիւնը

Դանիէլ Վարուժանի անունը այլ մեծերու շարքին (Զօրավար Անդրանիկ, Համաստեղ, Փանոս Թերլէմէզեան, միսիոներներ), այս տարի ընդգրկված է ՀՀ սփյուռքի նախարարության «Մեր մեծերը» ծրագրի մէջ:

Ապրիլ 20-ի ծնունդ է հայ գրականութեան հանճարեղ  մեծերէն Դանիէլ Վարուժան։
1884ին ծնած՝ Դանիէլ Վարուժան միայն 31 տարի կրցաւ վայելել իրեն տրուած կեանքի ժամանակը։
Թրքական պետութիւնը բրտօրէն կտրեց կեանքի թելը Հայկեան Հանճարի ամէնէն շքեղ ու վսեմաշուք քերթողին։

Դանիէլ Վարուժան դարձաւ առաջին նահատակներէն մէկը հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան։
Եղաւ 24 Ապրիլ 1915ին ձերբակալուած եւ մահուան ճիրաններուն մէջ նետուած հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու եղերաբախտ փաղանգին գլխաւոր դէմքերէն մէկը։
Ինչպէս արուեստի ու գրականութեան, այնպէս ալ նահատակութեան մէջ ճակատագիրը իրարու կապեց Հայկեան Հանճարին ճառագայթող երկու դէմքեր՝ Դանիէլ Վարուժանն ու Ռուբէն Սեւակը։ Ամիսներ տեւած չարչարանքէ ետք, 1915ի Օգոստոս 26ին, «Ցեղասպան Թուրք»ը մարմնաւորող ոճրագործներ ուղղակի դաշոյններով մորթոտեցին զանոնք։
Հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ կողմէ պետականօրէն գործադրուած ցեղասպանական մեծ ոճիրին մասին պատմագրական եւ արխիւային հսկայական գրականութիւն մը գոյութիւն ունի։ Հաստափոր հատորներ կը կազմեն հայ ժողովուրդի նահատակութեան վերաբերեալ ականատեսներու վկայութիւնները։ Թէեւ այդ վկայութեանց շարքին հազուադէպօրէն կը հանդիպինք 24 Ապրիլ 1915ին ձերբակալուած, աքսորուած եւ նահատակուած հայ մտաւորականութեան անհատ առ անհատ դիմագրաւած ահաւոր վախճանը նկարագրող արխիւային նիւթերու, այսուհանդերձ՝ մեծանուն մեր արժէքներէն ոմանց նահատակութեան պարագաներուն վերաբերեալ վկայութիւններ գոյութիւն ունին, որոնք ուղղակիօրէն սահմռկեցուցիչ են՝ գործուած ոճիրին բարբարոսական, վայրագ եւ անմարդկային բնոյթը պարզելու առումով։
Այդ վկայութեանց շարքին է հայ գրականութեան հպարտութիւնը կազմող Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի միացեալ նահատակութեան քստմնելի մանրամասնութիւնները նկարագրող Հասան անունով թուրք կառապանի մը ականատեսի պատումը։ «Շամտանճեանի Յուշագրութենէն» առնուած եւ Մուշեղ Իշխանի «Արդի Հայ Գրականութիւն» դասագիրքերու շարքին երրորդ հատորով (էջ 120-121) տրուած այդ վկայութիւնը կը հաստատէ.-
«Պատմողն է Հասան անունով կառապան մը, որ հայերու Չանղըրը աքսորուած միջոցին նոյն քաղաքին մէջ կը գտնուի։ Իրիկուն մը, երբ նստած է ախոռին առջեւ, անծանօթ եւ դաժան դէմքով ձիաւոր մը, առանց ասպնջականութիւն խնդրելու, կու գայ իր ձին կը կապէ Հասանի ախոռին մէջ ու, հեռանալէ առաջ, յիշեալին կը հրամայէ խնամել իր ձին եւ պատրաստել յաջորդ առտուան համար։ Հասան գաղտնի կը հետեւի անծանօթին, որ կը մտնէ ծանօթ իթթիհատականներէն մէկուն տունը, ուր քանի մը օրէ ի վեր ժողովներ կը գումարուին եղեր։
«Այժմ թողունք, որ թուրք կառապանը ինք խօսի.-
«Հետեւեալ օրը, արեւածագէն առաջ ուրիշ անձ մը եկաւ ձին առնելու։ Այդ մարդը ինծի միաժամանակ ազդարարեց, թէ պարտաւոր էի կառքովս միասին երթալ գիւղէն քառորդ ժամ հեռու տեղ մը եւ ինքզինքս դնել ոստիկանութեան տրամադրութեան տակ։ Հրաման մըն էր, որ ինծի կը հաղորդէր. հարկադրուեցայ հնազանդիլ։ Առաջադրուած տեղին մէջ ուրիշ կառք մը կեցած էր։ Հոն կը գտնուէին ոստիկանական պաշտօնեայ մը՝ ոստիկան զինուորի մը ընկերակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Պոլսէն Չանղըրը աքսորուած հինգ էֆէնտիներ։ Անոնցմէ մէկը երիտասարդ մըն էր, սեւ մօրուքով ու վառվռուն աչքերով։ Անոնց ամէնքն ալ քաղաքին պէյերուն պէս լաւ հագուած էին։ Ձեռքերնին կապուած էր։ Մտահոգ եւ ընկճուած երեւոյթ մը ունէին։ Ոստիկանական պաշտօնեան զանոնք առաջնորդեց իմ կառքս եւ ինքն ալ մտաւ միւսին մէջ՝ ոստիկան-զինուորներն ալ միասին։ Մեզի հրաման տրուեցաւ ճամբայ ելլել Թիւնէյ գիւղի ուղղութեամբ, որ Չանղըրըէն վեց ժամ հեռու է։
«Ժամ մը յառաջացած էինք, երբ ճամբու դարձած մէկ կէտին վրայ տեսնուեցաւ իրիկուան ձիաւորը, որ մեր ճամբան խաչաձեւեց եւ առաջ անցաւ առանց բառ մը արտասանելու։ Քիչ վերջ կրկին ու երկրորդ անգամ խաչաձեւեց մեր ճամբան՝ մեր շուրջ դեգերելու երեւոյթով մը։ Թիւնէյի կէս ժամ մօտեցած էինք, երբ յանկարծ միեւնոյն անձը մեր առջեւ տնկուեցաւ։ Շիտակ կառքիս վրայ եկաւ, իջաւ ձիէն եւ իմ ձիերուս սանձերը բռնելով՝ ուզեց կառքը առաջնորդել ճամբէն դուրս, բլուրին տակը, հեղեղատէ գոյացած խորունկ ձորամէջը։ Գետին ցատկեցի, նոյնը ըրաւ նաեւ ոստիկան-զինուորը. կարծեցինք, որ աւազակներէ յարձակում պիտի կրենք եւ ինքնապաշտպանութեան կը պատրաստուէինք, բայց վրայ հասաւ ոստիկանութեան պաշտօնեան եւ մեզի հրամայեց քաշուիլ ու միաժամանակ մեծ ակնածանքով անծանօթին բարեւեց։ այդ ռոպէին մեր առջեւ ցցուեցան չորս հոգիներ՝ մինչեւ իրենց ակռաները զինուած։
«Անծանօթը, որ կը թուէր թէ անոնց պետն էր, նշան մը տուաւ։ Այս մարդիկը բռնեցին զիս եւ միւս կառապանը, մեր ձեռքերը կապելէ ետք՝ կառքէն վար իջեցուցին հինգ աքսորականները, որոնց հրամայեցին իրենց ունեցած դրամները յանձնել։ Եւ որովհետեւ ձեռքերնին կապուած էր, զանոնք խուզարկելու գործը ստանձնեցին ոստիկանները, որոնք անոնցմէ կողոպտեցին ինչ որ ունէին – դրամ, զանազան առարկաներ, սիկառնիկ, թղթապանակ, համրիչ։ Ոստիկանը քանի մը բառեր փսփսաց չեթէներու պետին ականջին։ Կþերեւայ, թէ վերջինէս խնդրեց կողոպուտը իրեն եւ ոստիկան-զինուորին թողուլ։ Այս գործողութիւնն ալ աւարտելէն ետք, ոստիկանը եւ ոստիկան-զինուորը միւս կառքը նստելով մեկնեցան։ Իմ ձեռքերս ալ քակելով արտօնեցին, որ քաղաք վերադառնամ։ Գալով աքսորականներուն, չորս չեթէներուն եւ անոնց պետին կողմէ հրամայուեցաւ իրենց հետեւիլ։
«Զանոնք հեռուէն կը դիտէի. հետաքրքրութիւնը զիս անհանգիստ կ’ընէր… արդեօք այդ էֆէնտիները ո՞ւր կը տանէին։ Ձորամէջը կտրելով անցան միւս եզրը, ուր փոքր անտառիկ մը բլուրը կը զարդարէ։ Քիչ մը աւելի յառաջանալով՝ անոնց պետը արտասանեց քանի մը բառեր, որոնք չկրցի հասկնալ, քանի որ ես անոնցմէ բաւական հեռու էի։ Ասկէ ետք մարդիկը յարձակեցան էֆէնտիներուն վրայ, անոնց զգեստները հանեցին եւ բոլորովին մերկացուցին… չեմ կրնար նկարագրել այն տեսարանը, որուն ներկայ եղայ… Այս խեղճ զոհերը մէկիկ-մէկիկ ծառերուն կապուեցան։ Իրենց ձեռքերը կապուած ըլլալով՝ չէին կրնար ինքզինքնին պաշտպանել։ Յետոյ չեթէապետը եւ իր մարդիկը իրենց դաշոյնները մերկացուցին եւ սկսան դանդաղօրէն ու հանդարտ կերպով զանոնք մորթոտել։ Դատապարտեալներու աղաղակը եւ անոնց յուսահատ կատաղութիւնը սիրտս կը ճմլէին…»
97 տարուան հեռաւորութենէն իսկ, քստմնելի ոճիրի այդ պահուան պարզագոյն նկարագրութիւնը այսօր ալ կը փշաքաղէ հայ մարդուն ողջ էութիւնը։
Այսպէ՛ս նահատակուեցան Վարուժանն ու Սեւակը։
Այդօրինակ նահատակութեան վախճան ունեցան հարիւրաւոր մեր մտաւորականները։
Այդպիսի՛ Գողգոթա կազմակերպեց թրքական պետութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ՝ աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու արիւն հեղելով։
Այսպէ՛ս ինկան, բայց չմեռա՜ն մեր նահատակները։
Վերապրող հայութիւնն ու վերածնուած Հայաստանը ոչ միայն անլռելի զանգակատունն են թրքական ծանրագոյն յանցագործութեան, այլեւ աներեր պահանջատէրն են մեծ Հատուցման՝ Իրաւունքի եւ Արդարութեան ամբողջական վերականգնումին։
Եւ ահա, յիշելով այս ամէնը, վաղը՝ Ապրիլ 20ին, կը նշենք ծննդեան 128ամեակը Դանիէլ Վարուժանի, որուն անմահ յիշատակին խունկ ծխելու առիթ մը թող ըլլայ անմահութեան բարձունքը նուաճած իր գործերէն քաղուած հետեւեալ փունջը.-

Ն.

ԿԱՐՄԻՐ ՀՈՂԸ

Գրասեղանիս վրայ, սա
Սկաւառակին մէջ կայ բուռ մ ��? հող, բերուած հոն
Հայրենիքի դաշտերէն:
Նուէր է ան . – Զայն ինձ ձօնողը կարծեց
Սիրտն իր տրուած, առանց երբեք գիտնալու
Թէ կու տար իր պապերունն ալ միասին:
Զայն կը դիտեմ . – մերթ ժամեր
Բիբերս անոր վրայ յառած կը մնամ
Լո՜ւռ եւ թախծո՜տ, իբր այդ հողին մէջ յուռթի
Նայուածքս արմատ արձակէր : –
Կը մտածեմ . – Գուցէ իր գոյնը բոսոր
Չէ պարգեւուած բնութեան ներհուն օրէնքէն .
Վէրքերու սպունգ մ ��? ըլլալով
Խմած է մաս մը կեանքի, մաս մ ��? արեւու .
Եւ իբր տարր անպաշտպան
Կարմիր հող մ ��? է եղած, հայ հող մ ��? ըլլալուն:
Գուցէ իր մէջ կը բաբախեն տակաւին
Դարերը հին-հին փառքին,
Կայծն ամրակուռ սմբակներու որոնց գոռ
Արշաւանքն օր մը ծածկեց
Հայկեան վաշտերն յաղթութեան տաք փոշիով:
Կ’ըսեմ . – Իր մէջ դեռ կ’ապրի
Ինքնատիպ ուժն այն որ կազմեց շունչ առ շունչ,
Կեանքս իմ, քու կեանքդ, ու տուաւ,
Կարծես ձեռքով գիտակից,
Նոյն թուխ աչուին նոյն եւ նման հոգիով
Կիրք մ ��? Եփրատէն առնուած,
Սիրտ մը կամշոտ, թաքստոց
Ըմբոստանքի ու նաեւ բո՛ւռըն սիրոյ:
Իր մէջ, իր մէջ կը կայծկլտայ հոգի մ ��? հին ՝
Հին դիւցազնի եղած փսոր մը գուցէ ՝
Կոյսի մ ��? աղուոր արցունքով .
Հիւլէ մը կայ Հայկէն, փոշի մ ��? Արամէն,
Անանիայէն բիբ մը դէտ ՝
Դեռ աստղերու ճաճանչներով թաթաղուն.
Ա՜զգ մը կայ հոն, սեղանիս վրայ ազգ մը հին,
Որ այսօր իր վերաշողշող այգուն մէջ,
Հողի բնատուր մարմնոյն տակ ինձ կը խօսի,
Կ’ոգեզինէ – եւ աստղերու ինչպէս ցանն
Անհունութեան մէջ կապոյտ –
Փոշիներովն իր հրաբորբ
Հոգիս քաղցրիկ փայլակներով կ’ոռոգէ :
Ու այն ատեն լարը ջղերուս կը դողայ
Սարսուռով մ ��? յորդ, ա՛յն սարսուռով ՝ որ մտքին
Հերկերուն վրայ աւելի՛
Ըստեղծիչ է քան գարնան հովն արփագաղջ:
Ու կը զգամ անցքն ուղեղէս
Նոր յուշերո՜ւ, հոգիներո՜ւ դեռ կարմիր
Խոր վէրքերովն իրենց, վրէժի՛ շրթունքներ.
Եւ այդ հողն, այդ փոշին, զոր ես կը պահեմ
Այնքա՜ն սիրով՝ որքան հոգիս պիտ’ չընէր
Եթէ մարմնոյս աճիւններն
Օր մը մահէն վերջ հովերուն մէջ գտնար.
Այդ պանդուխտ մասն Հայաստանի, մասունքն այդ
Մնացած մեր յաղթ պապերէն,
Բժժանքն ու ձօնն այդ կարմիր,
Սիրտս սեղմած մագիլներով անծանօթ,
Երկինքն ի վեր, գըրքի մը վրայ, թանկագին
Ժամու մը մէջ ժպիտներու, սէրերու,
Կամ քերթուածի մը ծնած վեհ վայրկեանին
Զիս հապըշտապ կը մղէ
Մերթ լալու, մերթ մռնչելու,
Եւ զինելու բռունցքս, հոգիս բռունցքիս մէջ:

ԱՌԿԱՅԾ ՃՐԱԳ

Յաղթանակի գիշերն է այս տօնական. –
Հա՛րս, եղ լեցո՛ւր ճրագին։
Պիտի դառնայ կռիւէն տղաս յաղթական. –
Հա՛րս, քիթը ա՛ռ պատրոյգին…

Սայլ մը կեցաւ դրան առջեւ, հորին քով. –
Հա՛րս, վառէ՛ լոյսը ճրագին։
Տղաս կու գայ ճակատն հպարտ դափնիով. –
Հա՛րս, բեր ճրագը շեմին։

Բայց… սայլին վրայ արի՞ւն եւ սո՞ւգ բեռցեր են…
Հա՛րս, ճրագը ասդի՛ն երկարէ։
Հերոս տղաս հոն զարնուա՜ծ է սրտէն..
Ա՜խ, հա՛րս, ճրագըդ մարէ՜…։

Յ0դուածի հեղինակ՝

Նազարէթ Պէրպէրեան

Scroll Up