Ֆրանսահայ խոհարարը տաքը դիմակայելու հայկական բաղադրատոմս կ’առաջարկէ

Բերդ քաղաքին մէջ 4-րդ տարին անընդմէջ իրականացուող Մեղրի ու հատապտուղներու փառատօնի նպատակն է տեղի բնամթերքի եւ խոհանոցի վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացումը:
Ֆրանսահայ խոհարարին խօսքով` փառատօնները ամենագեղեցիկ պատկերը կը հաղորդեն Հայաստանին: «Հայաստանի մէջ պէտք է կարենանք պաշտպանել բնակչութիւնը, կարեւորը ոչ թէ քաղաքականութիւնը, քաղաքական գործիչներն ու Երեւանն են, այլ մարզային բնակչութիւնը: Ես աւելի շատ գիւղը կը սիրեմ, քան քաղաքը»,- եզրափակեց Ալէն Ալեքսանեան:
Ֆրանսայէն ժամանած հայ խոհարար Ալէն Ալեքսանեան տեղուոյն վրայ կը պատրաստէ եւ փառատօնի մասնակիցներուն կը հիւրասիրէ տարածաշրջանին բնորոշ ըմպելիք` խոտաբոյսերով, մեղրով եւ հատապտուղներով: «Ես Ֆրանսայէն եկած եմ` Ռոնալտ շրջանէն, իմ այստեղ գտնուելու նպատակն է տեղի բնական մթերքները արժեւորելը: Մեղրի եւ հատապտուղներու փառատօնին ես յանպատրաստէն բաղադրատոմս մը կը ներկայացնեմ: Եթէ օգտուինք ինքնաեռէն, կրնանք շատ խոտերով ստանալ թուրմ, բայց քանի որ շատ խիտ թուրմ կը ստացուի, այն կը խառնենք մեղրի հետ, կ’աւելցնենք տարբեր հատապտուղներ: Ու քանի որ շատ տաք է այս պահուն, կրնանք պաղ ջուր աւելցնել, ձմրան` տաք ջուր: Պաղ թէյ խմելու փոխարէն, կը խնդրեմ, դուք ունիք հայկական ծագումով շատ աւելի համեղ ու օգտակար ըմպելիք, որ այսօր պէտք է կրէ «Մեղրաբոյր» անունը»,-ըսաւ Ալէն Ալեքսանեան` արդէն պատրաստ ըմպելիքը հիւրասիրելով «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցներուն:
2012 թուականէն իրականացուող ձեռնարկին կը մասնակցին Բերդի ու յարակից շրջաններու մեղուապահները, գիւղացիական տնտեսութիւնները, տարբեր արտադրողներ: Փոքրիկ տաղաւարներուն մէջ անոնք այցելուներուն կը ներկայացնեն իրենց արտադրանքը: Փառատօնի կազմակերպիչը «Տաւուշի հոգեւոր վերածնունդ» հիմնադրամն է: Շամշատինի մեղրի եւ հատապտուղներու փառատօնը կ’իրականացուի Բերդի Սորանի այգիին մէջ` երգի ու պարի, թատերական ներկայացումներու, ուրախ զրոյցներու միջավայրի մէջ: Քանի որ փառատօնը կը համընկնի Խաղողօրհնէքի հետ, կը կատարուի նաեւ խաղողի օրհնութեան կարգ:
Բերդ քաղաքը կը գտնուի տաւուշ գետի ձախ ափին, Երեւանէն հեռու է 202 քմ, մարզի կեդրոնէն` 69 քմ, ՀՀ պետական սահմանէն` 10 քմ: Բնակլիմայական պայմանները` կը գտնուի բարեխառն գօտիի մէջ, ամրան միջին ջերմաստիճանը +21C է: Շրջապատուած է ոչ բարձր սարերով: Քաղաքին մօտ կը գտնուին 10-րդ դարու հայկական Տաւուշ ամրոցի աւերակները, նոր Վարագավանք եւ խորանաշատ վանքերը, Կիկլոպեան ամրոցը (մ. թ. ա. I հազարամեակ) եւ Բերդի թանգարանը: քաղաքէն 2 քմ դէպի արեւմուտք` Նաւուր գիւղ տանող ճանապարհի ձախ կողմին մէջ կը գտնուի միջնադարեան Սուրբ Նշան եկեղեցին, որ կ’անուանուի նաեւ Մարիամ մայրի վանք: 2014 թուականին Բերդի մէջ բացուեցաւ նաեւ սուրբ Գէորգ եկեղեցին: