Ազգային Եւ Յեղափոխական Երգերու Երեկոյ

Ազգային եւ յեղափոխական երգերը, որոնք գաղափարախօսութիւն փոխանցող են, նաեւ հայեցի եւ ազգային դաստիարակչական ծրագիրներու մէջ անհրաժեշտ եղած են շատ անգամներ՝ հայ պատանիներու ազգային ոգին երգերով տոգորելու: Ահա այս անհրաժեշտութենէն մեկնած, ՀՅԴ Պըրպենքի «Կայծակ» Պատանեկան Միութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Յուլիս 31ին, Պըրպենքի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային եւ յեղափոխական երգերու երեկոյ մը, ուր կամաւոր, յօժարակամ եւ առանց ակնկալութեան երեկոն խանդավառեցին Դրօ Գրիգորեան եւ Ռաֆֆի Պատոյեան: Սոյն երեկոն կը հովանաւորէր ՀՅԴ Պըրպենքի «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէութիւնը:

Աննախընթաց այս երեկոյին ներկայ էին աւելի քան 120 պատանիներ, որոնք եկած էին տարբեր շրջաններէ, իրենց վարիչներուն հետ, անգամ մը եւս հայ յեղափոխական երգերով լիցքաւորուելու:

Մեր պատմութեան մէջ շատ են այն դժբախտ դէպքերը, որոնք մեր ժողովուրդի կազմաւորման ընթացքին վրայ ձգած են խոր ազդեցութիւն: Մեր բանակները յաճախ կռուած են թիւով քառապատիկ թշնամի բանակներու դէմ: Բայց ունեցած ենք նաեւ պահեր, որոնք վճռած են մեր ժողովուրդի ապագան: Ահա այսպէ՛ս Դրօ Գրիգորեան, նախկին եւ նոր հերոսներու, ֆէտայիներու եւ ազատամարտիկներու պատմութիւններով եւ ոգեւորիչ երգերով, պատանիները խանդավառեց՝ անոնց մէջ սերմանելով հայրենասիրութիւնն ու ազատատենչ ֆէտայիի ոգին:

Ազգայնաշունչ եւ յեղափոխական երեկոն բոցավառեց Ռաֆֆի Պատոյեան: Խանդավառուած յեղափոխական մթնոլորտէն, պատանիները բեմին շուրջ հաւաքուելով սկսան ոգեւորուած երգելու՝ դաշնակցական ֆէտայիներու գովքը հիւսելով:

Խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Ռաֆֆի Պատոյեան քաջալերեց պատանիները, որպէսզի բեմ բարձրանան եւ իրենց կարգին երգեն իրենց նախասիրած երգերը, որուն ընդառաջեցին մեծ թիւով պատանիներ՝ ստեղծելով տպաւորիչ եւ անզուգական մթնոլորտ մը:

Սոյն երեկոն անգամ մը եւս առիթ ընծայեց փաստելու, որ հայ պատանին յանձնառու է իր ազգային առաքելութիւններուն եւ պարտականութիւններուն:

Վարձքը կատար կազմակերպիչ յանձնախումբին:

ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ

Asbarez

Scroll Up