«Նոր Ջուղայի Օրեր» Եռօրեայ Ձեռնարկներու Շարան՝ Երեւանի Մէջ

Երեւանի մէջ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, Սպահանի հայոց թեմի եւ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի համատեղ նախաձեռնութեամբ` մայիս 21-24 կը կայանայ «Նոր Ջուղայի օրեր» հայ համայնքին նուիրուած խորագիրով ձեռնարկներու շարք: Ինչպէս կը պարզուի յայտագիրին մէջ:

Եռօրեայ ձեռնարկը բացառիկ առիթ է հայաստանեան հասարակութեան առաւել մօտէն շօշափելի ու մատչելի դարձնելու հնամեայ Ջուղայի բացառիկ մշակոյթը, վանքերն ու եկեղեցիները, ձեռագիր մատեաններն ու որմնանկարները:

Ծրագիրին ներառուած են ելոյթներ, բանախօսութիւններ, մշակութային դասական եւ աւանդական ձեռնարկներ, երաժշտութիւն, ձեռագիր մատեաններու ցուցադրութիւն, գիրքի շնորհանդէս եւ այլն:

Բայց, այստեղ առաւել ակնառու եւ ծանրակշիռ իրողութիւն է Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի դերը՝ իրանահայ կեանքէն ներս, միջազգային գիտաժողովի գոյութիւնը, որ կու գայ ամբողջացնելու հասարակական կարծիքի ձեւաւորումը՝ Ջուղայի պատմա-մշակութային անցեալէն ու ներկայէն:

Ինչպէս կը վկայէ կրկին յայտագիրը, ողջոյնի խօսքերով ու բանախօսութիւններով ելոյթ կ’ունենան ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ՀՀ-ի մօտ ԻԻՀ դեսպան Մոհամմատ Ռէիսին, Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Բաբգէն եպս. Չարեան, Իրանի Պատմական եկեղեցիներու կեդրոնի տնօրէն ճարտարապետ Շերլի Աւետեան, որմնանկարներու վերականգնող Անի Պապայեան, Մատենադարանի, ՀՀ ԳԱԱ ԱԻ աւագ գիտաշխատող Քրիստինէ Կոստիկեան եւ իրանական մշակոյթի գիծով փորձագէտ, ձեռագիրներու խոշոր հաւաքորդ Աւօ Յովհաննիսեան:

Յաջողութիւն կը մաղթենք եռօրեայ ձեռնարկներու աշխատանքներուն, որոնք նախանձախնդրօրէն նուիրուած են Նոր Ջուղայի այս հնամենի համայնքի մշակոյթին ու պատմութեան անվերջանալի բացայայտումներուն:

http://alikonline.ir/hy/news

Scroll Up