ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց Վալանսի հայ մշակոյթի տան ատենապետ Նազօ Ճինպաշեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/Valensi.jpg)
Օգոստոս 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Վալանսի (Ֆրանսա) Հայ մշակոյթի տան ատենապետ Նազօ Ճինպաշեանը:
Հիւրը նախարարին պատմեց վալանսահայ համայնքի, ինչպէս նաեւ Հայ մշակոյթի տան գործունէութեան մասին` նշելով, որ վալանսահայութիւնը գործուն մասնակցութիւն ունի քաղաքի հասարակական-մշակութային կեանքին մէջ: Քաղաքապետարանին մէջ կը պաշտօնավարէ 4 հայ: Կրթամշակութային ասպարէզէն ներս կարեւոր դերակատարում ունի Հայ մշակոյթի տունը` իր երգի, պարի, գործիքային խումբերով, որոնց մէջ ընդգրկուած է աւելի քան 200 հոգի: Մշակոյթի տան խումբերը աչքի կ’իյնան Վալանսի մշակութային բոլոր ձեռնարկներու ժամանակ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարելով մշակութային դաստիարակութեան դերը հայապահպանութեան հարցին մէջ` բարձր գնահատեց Վալանսի Հայ մշակոյթի տան գործունէութիւնը եւ առաջարկեց յաջորդ տարուան ընթացքին իբրեւ խրախուսանք ապահովել խումբերու մասնակցութիւնը «Իմ Հայաստան» փառատօնին եւ նախարարութեան միւս ծրագիրներուն:
Անդրադարձ եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած Վալանսի համայնքի ձեռնարկներուն: Նազօ Ճինպաշեան տեղեկացուց, որ դեռեւս կը շարունակուին ձեռնարկները եւ ամենահետաքրքիրներէն մէկը կ’իրականացուի Նոյեմբեր ամսուն: Նախատեսուած է քաղաքային պուրակներէն մէկուն մէջ ի յիշատակ ցեղասպանութեան զոհերու` տնկել 100 ձիթենի: Պուրակը կ’անուանակոչուի Թալին, քանի որ Վալանսն ու Թալինը քոյր քաղաքներ են:
Քննարկուեցան նաեւ Վալանսի մէջ հաստատուած սուրիահայութեան առնչուող հարցեր: Նախարարը յորդորեց սուրիահայութեան աշխուժօրէն ընդգրկել համայնքային գործունէութեան մէջ եւ ամէն կերպ հոգեկան նեցուկ կանգնիլ անոնց: