Տեղի կ’ունենայ սփիւռքահայ դաշնակահարներ Միքայէլ Հայրապետեանի եւ Րաֆֆի Պետրոսեանի համերգը
Օգոստոս 5-ին, ժամը 18:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի կ’ունենայ սփիւռքահայ դաշնակահարներ Միքայէլ Հայրապետեանի (ՌԴ) եւ Րաֆֆի Պետրոսեանի (Գանատա)
§Հայկական երաժշտութեան երեկոյ» խորագիրը կրող համերգը (հասցէն`Աբովեան 2):
Կը հնչեն Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Էդուարդ Բաղդասարեանի, Ռոպերթ Ամիրխանեանի եւ հայ այլ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններ:
Համերգին ներկայ կը գտնուի ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: