«Արեւմտահայերէնի եւ Արեւելահայերէնի Մերձեցման Խնդիրներ» Թեմայով Համաժողով Երեւանի Մէջ

Յուլիս 29-ին ժամը 10:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ  ՀՀ ԳԱԱ Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանի նախաձեռնութեամբ՝ ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նիստերու դահլիճին մէջ պիտի մեկնարկէ «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» թեմայով համաժողովը, որ իր աշխատանքները պիտի շարունակէ Յուլիս 30-ին ժամը 9: 30-էն (հասցէն` Մարշալ Բաղրամեան 24): Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի գրասենեակը։

Բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Համաժողովի մասնակիցներուն պիտի ողջունեն ՀՀ ԳԱԱ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան եւ ՀՀ լեզուի տեսչութեան պետ Սերգօ Երիցեան:

«Հայոց լեզուի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները ցեղասպանութիւնից 100 տարի անց» զեկուցումով հանդէս պիտի գայ ՀՀ ԳԱԱ Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանի տնօրէն Վիքթոր Կատուալեան:

Զեկուցումներով հանդէս պիտի գան Հայաստանի եւ Սփիւռքի անուանի լեզուաբաններ, գրականագէտներ, ոլորտի այլ մասնագէտներ:

Scroll Up