Հայ Դատի Խորհրդաժողովն Ու Տարեկան Ձեռնարկը՝ Հոկտեմբեր 23-25
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հոկտեմբեր 23-ին պիտի սկսի Հայ Դատին նուիրուած երկօրեայ խորհրդաժողովը, իսկ Հոկտեմբեր 25-ին պիտի կայանայ յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկը։ Երկու ձեռնարկներն ալ պիտի կայանան Սենչըրի Սիթիի «Հայաթ Սենչըրի Փլազա»-ին մէջ։ Այս մասին կը հայտնէ «Ասպարէզ»-ը:
Երկու տարին անգամ մը կայացող Հայ Դատի երկօրեայ խորհրդաժողովը առիթ պիտի հանդիսանայ օրէնքի մասնագէտներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու, քաղաքական վերլուծաբաններու եւ գործիչներու, քննարկելու Հայ Դատի տարբեր երեսները, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակէն ետք, միաժամանակ՝ մշակելու ապագայ նախաձեռնութիւնները։
Տարեկան ձեռնարկը պիտի սկսի կ.ե. ժամը 4։30-ին, ընկերային պահով եւ լուռ աճուրդով, իսկ երեկոյեան ժամը 6ին սկսող ճաշկերոյթին ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վերջին մէկ տարուան իրագործումները եւ պիտի մեծարուին շարք մը պաշտօնատարներ եւ կամաւորներ։
Մասնակցութեան մանրամասնութեանց համար, դիմել (818) 839-1918 թիւին կամ այցելել ancawr.org կայքը։