Լիբանանահայ երիտասարդը կը ցանկայ իր կրթութիւնը շարունակել Հայաստանի մէջ

Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու ուսումնարանը արդէն երկրորդ տարին է, որ կեանքի կոչած է «Հայագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագիրը ԵՊՀ Սփիւռքագիտութեան ամպիոնի ծնիրէն ներս: Ծրագրի նպատակն է հայոց լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան ուսուցիչներ պատրաստել Սփիւռքի հայկական դպրոցներու համար: Այսպիսով` հետեւելով այս մագիստրոսական ծրագրին` սկսնակ մասնագէտը հնարաւորութիւն կը ստանայ հնարաւորինս հաւասարաչափ տիրապետել ե՛ւ բանասէրի, ե՛ւ պատմաբանի մասնագիտութիւններուն:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը  նոր մագիստրոսական ծրագրի ծիրէն ներս իւրաքանչիւր տարի կը վճարէ վեց ուսանողի վարձ` հնարաւորութիւն ընձեռելով Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն եկած ուսանողներուն անվճար եւ որակեալ ուսում ստանալ հայրենիքի մէջ:

Ահա այս մասգիստրոսական ծրագրին հետեւելու ցանկութիւն ունի նաեւ Հրայր Եսայեանը, որ եկած է Լիբանանէն: Հրայրը հիմա հայրենիք եկած է՝ մասնակցելու «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողական դասընթաներուն, քանի որ ինքն ալ լրագրող է, սակայն միայն լրագրութիւնը չէ, որ կը հետաքրքրէ անոր: «Լիբանանի մէջ պաքալորիան աւարտելէն ետք՝ սկսայ հայագիտութիւն ուսումնասիրել տեղի Հայկազեան համալսարանէն ներս: Այնտեղ ծրագիրը կը ներառէր հայոց պատմութիւն, մշակոյթ, հայոց լեզու եւ գրականութիւն առարկաները, այսինքն` այն ամէնը, ինչ կը վերաբերի հայագիտութեան: Սակայն գիտելիքները աւելի շատ ընդհանրական էին, եւ ցանկութիւն յառաջացաւ աւելի խորանալ այս ուղղութեան մէջ»,- կը նշէ Հրայրը:

Ահա այս մղումն ալ դրդած է անոր դիմել «Հայագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագրին եւ ուսումը շարունակել Երեւանի պետական համալսարանէն ներս: Սակայն Հրայրը ցաւով կը նշէ, որ Լիբանանի մէջ քիչերը հետաքրքրուած են հայագիտութեամբ: «Մէկը գիտեմ, որ կ’ուզէ գալ, կատարելագործել իր գիտելիքները այս ոլորտէն ներս: Սակայն ամբողջ Լիբանանի մէջ հազիւ գտնէք 7-8 ուսանող, որ հայագիտութեամբ հետաքրքրուած է կամ կ’ուսումնասիրէ: 3-4 տարի առաջ անոնց թիւը աւելի սակաւ էր, որովհետեւ մասնագիտութիւնը պահանջուած չէ»,- կ’ըսէ Հրայր Եսայեանը:

Իսկ Հայաստանի մէջ ուսումը չշարունակելու պատճառներէն մէկը այն է, որ Հայկազեան համալսարանի մէջ արդէն իսկ կայ այդ ուղղութիւնը եւ երկրորդ` դժուար է լիբանանահայ ուսանողի համար այստեղ կրթութիւնը շարունակելը: Հրայրը հպարտ է իր որոշման համար ու յատուկ շեշտադրութեամբ կը նշէ, որ հակառակ հայագիտութեան հանդէպ իր առանձնակի հետաքրքրութեան` չի մոռնար նաեւ լրագրութեան մասին եւ կը փորձէ հաւասարապէս զբաղիլ երկուքով էլ: Պատահական չէ, որ կը մասնակցի Սփիւռքի լրագրողներու դասընթացներուն եւ կը  ցանկայ կատարելագործել իր լրագրողական հմտութիւններն ու գիտելիքները: «Դասընթացներու ընթացքին կը շփուինք Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն եկած այլ լրագրողներու հետ, արդիւնաւէտ ու մեզի համար օգտակար զրոյցներ կ’ունենանք, տեղի կ’ունենայ մտքերու եւ փորձի փոխանակում, կը լսենք մասնագէտներու խորհուրդները»,- կը նշէ Հրայրը: Ան կը նկատէ, որ դասընթացներու թեմաները շատ համարժէքօրէն բաշխուած են` տալով համապարփակ գիտելիքներ տարբեր ոլորտներէ: Այս ամէնը իր յետագայ աշխատանքի համար առաւել քան անհրաժեշտ է, որովհետեւ գիտէ, որ լրագրութիւնը քարացած գիտութիւն չէ, անընդհատ կը փոխուի է, կը փոփոխուին նաեւ պահանջները: «Հիմա տեղեկատւութեամբ յագեցած ու անաչառ լրագրութիւնն է պահանջուած»,- կը նշէ երիտասարդ լրագրողը:

Յաջողութիւններ մաղթենք Հրայրին՝ համալսարանական կրթական ասպարէզէն ներս, եւ յուսանք, որ այստեղ ձեռք բերած գիտելիքները յետագային կը փոխանցէ նաեւ իր սաներուն:

Ամալիա Կարապետեան

ԵՊՀ ժուռնալիստիկայի ֆակուլտետի 4-րդ կուրսի ուսանողուհի

Scroll Up