Հայաստան Բերող Ճանապարհները… «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց-2016
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի «Հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում» դասընթացքի ընթացքին շատ ուսուցիչներու հետ ծանօթացայ, հետաքրքիր զրոյցներ ունեցանք, որոնք ինծի` որպէս դեռեւս ապրելու քիչ փորձ ունեցողի, կեանքի դասերու արժէք ունեցան: Ամէն անգամ կ’անցնիմ այն լսարաններուն կողքով, ուր սփիւռքահայ ուսուցիչներու դասեր կ’ընթանան, ինքնաբերաբար կը կանգնիմ ու կը լսեմ. ես դեռեւս այդքան սէր, կարօտ, ջերմութիւն որեւէ տեղ չեմ նկատած: Միանգամէն կը յիշեմ մեր պատմութեան մեծագոյն ուսուցիչները, որ ազգ կրթած ու փրկած են, ու այս սփիւռքահայ ուսուցիչները կը բարձրանան, կ’արժեւորուին իրենց գործով, որ ոչ պակաս կարեւոր է այսօր, երբ մեր հզօր Սփիւռքը հնարաւորինս հեռու պիտի պահենք դարու մարտահրաւէրներէն:
Սփիւռքահայ ուսուցիչներէն իւրաքանչիւրը իր տեսակով օրինակելի է: Այս տեսակի ու որակի կրողն է նաեւ Մոսկուայէն հայրենիք եկած Երանուհի Ղազարեան: Տիկին Ղազարեանի հետ զրոյցը ամենատպաւորիչներէն մէկն էր, որուն մասին թերեւս չեմ կրնար այնքան երկար գրել, որքան այն իրականութեան մէջ տեւած է: Պարզապէս կը ներկայացնեմ պատառիկներ մեր զրոյցէն:
Առանց իմ աշխատանքիս ես չեմ ապրիր
-Նախքան Մոսկուա երթալս` այստեղ 15 տարի աշխատած եմ Աբովեան քաղաքի թիւ 10 դպրոցին մէջ` որպէս հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի: Սիրահարուած եմ իմ մասնագիտութեանս դասարան ոտք դնելուս յաջորդ վայրկեանէն: Գիտէի` իմ կոչումս է հայերէն սորվեցնելը, կոչում, որուն հաւատարիմ եմ մինչ օրս: Երբ Մոսկուա մեկնեցանք, մէկ տարի չաշխատեցայ: Իմ կեանքիս ամենադժուար մէկ տարին էր, երբ դպրոցէն, իմ կոչումէս ու սաներէս հեռու էի: Ցանկացայ աշխատանքի անցնիլ Մոսկուայի 16/50 պետական միջնակարգ դպրոցին մէջ: Երբ գացինք աշխատանքի համար դիմելու դպրոցի տնօրէնին` Օֆելիա Առաքէլեանին, ամուսինս ուղղակի խնդրեց. «Եթէ չէք ուզեր ամուր հայ ընտանիք մը քայքայուի, կնոջս աշխատանքի առէք, ան լաւ ուսուցչուհի է, առանց դասաւանդելու չի կրնար ապրիլ, կ’երթայ դարձեալ Հայաստան` իր դպրոցը, իր աշակերտներուն մօտ»: Այո՛, ես չեմ կրնար առանց իմ աշխատանքիս ապրիլ: Հիմա, բացի պետական միջնակարգ դպրոցէն, նաեւ Մոսկուայի Հայորդաց տան մէջ կ’աշխատիմ եւ «Այբիկ» կրթահամալիրին մէջ: Երեկոյեան տուն կ’երթամ բաւարարուածութեան մեծ զգացումով, որ տուի ու ըրի այն, որուն համար կամ, ստեղծուած եմ, կ’ապրիմ: Հայերէն դասաւանդելը իմ շունչս է, մէկ վայրկեան չըլլայ` կը խեղդուիմ: Աղջիկս յաճախ կ’ըսէ, որ նախանձելի մարդ եմ, որ ե՛ւ հաճոյք կը ստանամ իր աշխատանքէս, ե՛ւ քիչ թէ շատ` կը վարձատրուիմ: Իմ իրական վարձատրութիւնս իմ սաներս են, որ հայ են ամբողջ սրտով: Անոնց մէջ տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ եւս կան, եւ ես հպարտ եմ, որ կը սորվեցնեմ անոնց աշխարհի հարստագոյն լեզուներէն մէկը` հայերէնը: Ես երջանիկ մարդ եմ:
Հայորդաց տունը` հայկականութեան տաճար
-Ինչպէս նշեցի` Մոսկուայի մէջ երեք կրթօճախի մէջ կ’աշխատիմ, սակայն այսօր այստեղ` «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծիրէն ներս, կը ներկայացնեմ Մոսկուայի Հայորդաց տունը: Միւս երկու կրթահամալիրներու գործունէութեան եւ աշխատանքին մասին եւս կրնամ շատ երկար պատմել, անոնք անգնահատելի աշխատանք կը կատարեն, սակայն թոյլ տուէք այսօր աւելի շատ անդրադառնալ Հայորդաց տան պատմութեան ու ներկային: Այն զուտ դպրոց չէ, այն հոգեւոր դաստիարակութեան կեդրոն է, որ կը տրամադրէ քրիստոնէական հաւատքով համեմուած կրթութիւն: Այն իր մէջ կը ներառէ հայոց լեզուն, գրականութիւնը, մշակոյթը, պատմութիւնը: Մենք կը ստեղծենք մթնոլորտ մը, որ կը դառնայ ապրելակերպ, կու տանք հիմքեր եւ կը ցանկանք, որ մեր սաները իրենց յետագայ կեանքը այդ հիմքերուն վրայ կառուցեն:
Հայորդաց տունը իր այս բարձունքին հասած է հետեւողական ու նուիրուած աշխատակիցներու շնորհիւ: Նախ չեմ կրնար չնշել Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի անունը, որուն վաստակը անգնահատելի է հայ համայնքի կեանքին մէջ: Անոր շնորհիւ այսօր կը գործէ Հայորդաց տունը, եւ Մոսկուայի կեդրոնին կը յառնի առաջնորդանիստ Սուրբ Պայծառակերպութիւն եկեղեցին: Հայորդաց տան հոգեւոր տեսուչ Առաքէլ Ամիրեան եւս եզակի մարդկային կերպար է, որ օրինակ կրնայ ըլլալ բոլորիս համար: Նախանձելի եռանդով եւ աւիւնով լեցուն է նաեւ Հայորդաց տան տնօրէնը` Հմայեակ Գէորգեանը, որ մշտապէս նոր գաղափարներով, մտքերով, մօտեցումներով կը զարմացնէ եւ կ’ոգեւորէ մեզ: Այս միահամուռ աշխատանքին շնորհիւ է նաեւ, որ օր օրի մեր սաներու քանակը կ’աւելնայ` այժմ հասնելով մօտ 800-ի: Որեւէ բան սիրողական մակարդակի վրայ չէ: Կը դասաւանդեն լաւագոյն մասնագէտները` փորձելով հասնիլ ցանկալի արդիւնքի:
Միայն հայերէնի առումով յառաջընթացը նկատելի չէ: «Հայասա», «Վարդավառ» պարային խումբերը հայկական ազգային ու ազգագրական պարը կը ներկայացնեն, «Նորահրաշ» վոկալ համոյթը եւ Լենա Բեգլարեանի ղեկավարած երգչախումբը կը յղկեն երեխաներու երաժշտական ունակութիւնները: Ժողովրդական գործիքները եւս չեն անտեսուիր. մեր քանոնահարուհիները մեծ յաջողութիւններ արձանագրած են: Եւ այսպէս շարունակ, երկար կրնամ թուել: Երբ ազգութեամբ ռուս աշակերտը իր շեշտադրութեամբ, նորաթուխ հայերէնով կ’ասմունքէ, միայն անսահման յուզմունք ու հպարտութիւն կարելի է զգալ:
Սորվիլ հայերէն 60 տարեկանին
-Ես կը դասաւանդեմ հիմնականին մէջ ռուսախօս դասարաններու եւ մեծահասակներու խումբերուն մէջ: Ունիմ ութ ազգութեան պատկանող աշակերտներ, որ տարբեր պատճառներով հայերէն կը սորվին. Կը ցանկան հաղորդակից ըլլալ մեր աստուածային լեզուին կամ պարզապէս իմանալ այն, կամ ալ սիրած անձնաւորութիւնը հայ է, եւ կը ցանկայ իմանալ` սիրելին ինչ լեզուով կը մտածէ: Այս շարքին մէջ ես չեմ կրնար չառանձնացնել մոսկովեան ամենայայտնի իրաւաբաններէն մէկուն` Ալեքսանտր Արութունովը: Ան 60-ը արդէն բոլորած է, եւ ի հպարտութիւն ինծի` իմ սանս է: Անոր հայրը հայ եղած է, մայրը` ռուս: Ինչպէս շատ յաճախ, այս պարագային եւս յաղթած է մայրական կենը` գերակայ լեզու դարձնելով ռուսերէնը: Սակայն… երկու տարի առաջ Սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով պարոն Արութունովը մասնակցած է Հայ իրաւաբաններու համահայկական համաժողովին: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան զրոյցին հայերէն դիմած է անոր, յայտնի իրաւաբանը չէ հասկցած լեզուն, եւ Մոսկուա գալուն պէս` որոշած է հայերէն սորվիլ, որ յաջորդ այցին նախարարին հետ ոսկեղինիկ հայերէնով խօսի: Այժմ շաբաթական 2 անգամ կու գայ դասերու, գերզբաղուած է, բայց ժամանակ կը գտնէ: Այնքան ջերմութեամբ, հոգատարութեամբ կը կարդայ հայերէն, որ շատ յաճախ յոտնկայս կը ծափահարենք:
Հայաստանին սիրահարուած օտարազգին
-Թաթեանա Թելեկինան իմ սանս եղած է: Զտարիւն ռուս այս աղջիկը իսկապէս սիրահարուած է Հայաստանին: Բազում անգամներ այստեղ եկած է, հայոց պատմութիւնը գերազանց գիտէ: Նոյնիսկ կայք բացած է, ուր հայկական տեսարժան վայրերու, պատմական կոթողներու նկարները կը տեղադրէ: Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ պատմութիւնը անգիր կը յիշէ: Որեւէ արիւնակցական կապ չունի հայերու հետ, բայց շատ լաւ կը զգայ Հայաստանը, կը սիրէ: Երեւի այն մարդոցմէ է, որ այս հողին մէջ կը զգայ աստուածայինի ներկայութիւնը: Այնքան ուրախ եմ, որ օգնած եմ անոր գտնելու Հայաստան բերող ճանապարհները:
Որպէս վերջաբան
-Մեր սաներէն իւրաքանչիւրը ունի այն զգացումը, որ իր հայրենիքը Հայաստանն է, մայրենին` հայերէնը: Ես ալ` որպէս ուսուցիչ, բան մը կրնամ յստակ ըսել` մեծ գործ է թէկուզ մէկ հայ երեխայ կրթելը: Որքան կը մեծնամ, այնքան կը գրաւուիմ դէպի Հայաստան, սակայն դեռեւս Մոսկուայի մէջ առաքելութիւնս աւարտած չեմ համարեր: Հիմա ամառնային դպրոցին կը մասնակցիմ, կը սորվիմ, որ երթամ ու կիրառեմ այնտեղ: Միակ մտահոգութիւնս այն է, որ կարենամ ունենալ դասագիրքեր ռուսախօս դասարաններու մէջ դասաւանդելու համար: «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը իւրօրինակ հարթակ է նոր հնարաւորութիւններու եւ գաղափարներու համար: Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպումներու ժամանակ միշտ կ’առանձնացնէ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Սփիւռքի ուսուցիչներուն, այսօր ալ ես կը ցանկամ անոր, ամբողջ նախարարութեան աշխատակիցներուն, տիկին Սիրվարդ Համբարեանին, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի համակարգող Մհեր Յովհաննիսեանին մեծ շնորհակալութիւն յայտնել: Անոնց շնորհիւ` եկած եմ հայրենիք մէկ ամիսով, յուսամ` օր մըն ալ կու գամ` այլեւս չերթալու մտադրութեամբ:
Ամալեայ Կարապետեան
Աղբիւրը` Հայերն այսօր