«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները հանդիպեցան Սուրեն եւ Էդգար Գեանջումեաններուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/07/qq.jpg)
Յուլիս 23-ին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները հանդիպում ունեցան ՀՀ ժողովրդական արտիստ, Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի, «Գարուն» մանկապատանեկան պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Սուրէն Գեանջումեանի եւ ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, երաժշտահան Էդգար Գեանջումեանի հետ: Սուրէն Գեանջումեանը ներկաներուն պատմեց «Գարուն» մանկապատանեկան պարի համոյթի մասին, ներկայացուց խումբի ձեռքբերումները, շրջագայութիւնները աշխարհի աւելի քան 40 երկիր:
Սուրէն Գեանջումեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստան եկած մեր հայրենակիցներուն՝ օտար ափերուն ազգային արժէքները պահպանելու եւ սերունդներուն փոխանցելու դժուարին գործը ստանձնելու համար: «Ազգային պարերուն տիրապետելու շնորհիւ հնարաւոր է Սփիւռքի մէջ հայ մնալ: Մեր պարերէն իւրաքանչիւրը ազգային աւանդոյթի պահպանութեան իւրայատուկ միջոց է: Սորվեցնելով երեխաներուն ազգային պարերը, դուք անոնց կը փոխանցէք հայկականութիւն»: Սուրէն Գեանջումեան նշեց, որ իր տեսակի շարունակութիւնը կը տեսնէ թոռնիկի՝ Էդգար Գեանջումեանի մէջ եւ հպարտ է, որ իր թոռնիկը նման երաժշտական ստեղծագործութիւններ պարգեւած է հայ ժողովուրդին: Այնուհետեւ դպրոցի մասնակիցներուն իր ստեղծագործութիւնները ներկայացուց երաժշտահան Էդգար Գեանջումեան:
Է.Գեանջումեանի՝ «Իմ Երեւան» երգի առաջին իսկ հնչիւններէնմասնակիցները սկսան ձայնակցիլ եւ կրկներգի ժամանակ ծափողջոյններով իրենց ջերմութիւնն ու սէրը փոխանցել երգահանին: Էդգար Գեանջումեանը պատմեց «Հայրենիք» երգի եւ «Կարօտի ծառեր» միւզիքլի ստեղծման պատմութիւնը, որմէ ետք մեծ պաստառով մասնակիցները դիտեցին ստեղծագործութիւններու տեսահոլովակները: Երաժշտահանը խօսեցաւ իր կեանքի մէջ հանդիպած դժուարութիւններու մասին եւ ներկաներին կոչ ըրաւ չերկնչիլ, չվախնալ խոչընդոտներէն, ապրած իւրաքնչիւր օրը ընդունիլ` իբրեւ Աստծոյ կողմէն տրուած պարգեւ: «Անգամ մը տղուս ըսի, վաղը մենք նուէր ունինք ստանալու: Յաջորդ օրը ան հարցուց` ինչ նուէր է, ու ես պատասխանեցի՝ այս օրն է մեր նուէրը, ու մենք պարտաւոր ենք ընդունիլ ու պաշտպանել զայն»: Հանդիպման աւարտին մասնակիցները իրենց հարցերը ուղղեցին արուեստագէտներուն եւ լուսանկարուեցան անոնց հետ: