Հայկական երգ ու պարով հետաքրքրուած են նաեւ այլազգիները

Երեւանի պետական համալսարանի մշակոյթի կեդրոնի մէջ կը շարունակուին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան “Սփիւռք ամառնային դպրոց-2015” ծրագրի Ազգային երգի ու պարի խմբավարներու, պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացները: Տիրող խանդավառ մթնոլորտէն, երաժշտութեան ձայներէն անգամ պարզ կը դառնայ, որ սա սովորական դաս չէ: Տարբեր պետութիւններէ եկած, բայց ազգային երգ ու պարէն չհեռացած մասնակիցները յատուկ ոգեւորութեամբ կը հետեւին դեսընթացներուն: Կ’օգնեն իրարու, կը քննարկեն ու խորհուրդներ կու տան:

Օրէնպուրկէն եկած Անի Մկրտչեանը առաջին անգամ է որ Հայաստան կու գայ, սակայն ինքզինք կը զգայ այնպէս ինչպէս տան մէջ ըլլայ: Հեռու գտնուելով հայրենիքէն, հաղորդակից չըլլալով անոր կեանքին ու ներկային` Անին չէ հեռացած արմատներէն: Ռուսական Օրէնպուրկ քաղաքի մէջ ստեղծած են “Նանէ” խումբը, որ այսօր ունի 25 անդամ: Անին կը նշէ, որ նպատակ ունին ստեղծելու նաեւ տղաներու խումբ, որովհետեւ հետաքրքրութիւնը սպասուածէն մեծ է: Սակայն անոնց գործունէութիւնը այսքանով չի սահմանափակուիր: “Մէկ տարի առաջ բացինք Վահան Տէրեանի անուան հայկական դպրոցը: Կոչեցինք հայ մեծ բանաստեղծի անուամբ, որովհետեւ ինչպէս գիտէք, 1920 թուականին Օրէնպուրկ քաղաքի մէջ հանճարը կնքած է իր մահկանացուն”,- կ’ըսէ Անին:

Ան հայրենիք եկած է պարի ոլորտէն ներս իր գիտելիքները կատարելագործելու, փորձի փոխանակման ու հայրենիքը տեսնելու համար: Պարը իր կենսակերպը դարձուցած հայուհին հպարտութեամբ կը նշէ, որ նոյնիսկ օտարազգիները հետաքրքրուած են հայկական ազգային պարերով, կը ցանկան սորգիլ ու պարել: Անին կը պատմէ, որ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին կազմակերպած ձեռնարկներուն ազգութեամբ թուրքեր ու ատրպէյճանցիներ ալ եկած են, սակայն անոնք ամէն ինչ կ’ընեն, որ այդ ամէնը չքաղաքականացուի եւ իրականանայ բարոյապէս թոյլատրելի սահամաններու մէջ:

Օրէնպուրկի մէջ պարբերաբար կը կազմակերպեն տարաբնոյթ ձեռնարկներ, կը նշեն տօները, կը փորձեն հայկական համայնքը պահել հայկականութեան մէջ, անոնց ներկայացնել հայ երգն ու պարը, որուն կարօտ են շատերը: Անին կը խոստովանի, որ ազգային տարազի մէջ ինքզինք իսկական հայուհի կը զգայ եւ ան որոշած է իր գիտելիքները մանուկներուն փոխանցել:

Արեւիկ Արմենակեանը նոյնպէս այս դասընթացներու մասնակիցներէն է: Եկած է ուքրանիական Օտեսա քաղաքէն: Ապագա բժիշկ է, սակայն մասնագիտական ընտրութիւնը չի խանգարեր, որ ձգէ երգն ու պարը, որովհետեւ այս ամէնը իր հոգիի մէջ է ու սրտին: “Ես հայկական երգ ու պարի մէջ ինքնութիւնս կը գտնեմ: Երբ կը պարեմ կամ կ’երգեմ, հոգեվիճակս մէկ անգամէն կը փոխուի, հայկական ու ազգային նոր աշխարհ մը կը մտնեմ՝  տարերքիս մէջ կ’ըլլամ”,- կը նշէ Արեւիկը աւելցնելով՝ ութ տարի հայրենիք չվերադարձած Արեւիկը շատ կը մտածէ Հայաստան վերադառնալու մասին: “Ինչ ալ ըլլայ, մէկ է` գիտեմ, վերջին կէտս Հայաստանը պիտի ըլլայ: Այդպէս կը զգամ եւ կ’ուզեմ”: Իսկ իրեն համար օտար հողի մէջ հայրենիքի խորհրդանիշները եղած են նոյն երգն ու պարը, հայկական հարուստ մշակոյթը:

Ամալիա Կարապետեան

ԵՊՀ ժուռնալիստիկայի ֆակուլտետի 4-րդ կուրսի ուսանողուհի

Scroll Up