Թորոնթոյի շաբաթօրեայ վարժարանի ուսուցիչներն ու աշակերտները ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ

Յուլիս 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Թորոնթոյի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ  Սուրբ Սահակ, Սուրբ Մեսրոպ ազգային շաբաթօրեայ վարժարանի փոխտնօրէն Արա Տէր-Յարութիւնեանը, ուսուցչուհի Լուսին Մանկասարեանը եւ վարժարանի խումբ մը  աշակերտներ, որոնք Հայաստան եկած են ամառնային արձակուրդները Հայրենքի մէջ իրականացնելու նպատակով:

Ողջունելով հիւրերը` նախարարն իր գոհունակութիւնը յայտնեց Հայրենիքի մէջ ամառնային հանգիստը իրականացնելու անոնց որոշման վերաբերեալ եւ յորդորեց յառաջիկայ ամրան մասնակցիլ նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին, որ հնարաւորութիւն կու տայ ոչ միայն ծանօթանալու հայրենիքի տեսարժան վայրերուն, այլեւ զարգացնելու հայերէնը, սորվելու հայկական երգն ու պարը, ծանօթանալու աշխարհի տարբեր երկիրներէ իրենց հասակակիցներու հետ:

Այնուհետեւ, նախարարը առանձնազրոյց ունեցաւ  վարժարանի փոխտնօրէն Արա Տէր-Յարութիւնեանի եւ ուսուցչուհի Լուսին Մանկասարեանի հետ:

Նախարարին շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Արա Տէր-Յարութիւնեան պատմեց Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ վարժարանի, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի հայ համայնքին մասին: Ան տեղեկացուց նաեւ,  որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին վարժարանը պիտի տօնէ հիմնադրման 60-ամեակը, որուն կապակցութեամբ կը նախապատրաստուին շարք մը ձեռնարկներ: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պատրաստակամութիւն յայտնեց նախարարութեան հնարաւորութիւններու սահմանին մէջ աջակցելու այդ նշանակալի տարեդարձի պատշաճ կազմակերպման:

Քննարկուեցան նաեւ Սփիւռքի վարժարաններու դասագիրքերուն, երիտասարդութեան ազգային ինքնութեան պահպանման հնարաւորութիւններուն առնչուող հարցեր:

t2 t3

Scroll Up