«Սփիւռք ամառնային դպրոց-2015». Մեկնարկած է Սփիւռքահայ լրագրողներու ամառնային դասընթացքը

Մեկնարկած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց-2015» ծրագիրի Սփիւռքահայ լրագրողներու դասընթացները: Երիտասարդ ու սկսնակ լրագրողները եկած են հայրենիք` գիտելիքներն ու մասնագիտական հմտութիւնները կատարելագործելու, լսելու արհեստավարժ մասնագէտներու խորհուրդները: Անոնք աւելի քան ոգեւորուած են, որովհետեւ ոչ բոլորը  մասնագիտութեամբ լրագրող են: Անոնց մէջ կան իրաւաբաններ ու միջազգայնագէտներ, ղեկավարներ: Բայց գտնելով իրենց անձը հէնց լրագրութեան ոլորտին մէջ` կ’աշխատին ու կ’ապրին լրագրողի կեանքով` թղթակցելով ինչպէս Սփիւռքի հայկական, այնպէս ալ` օտարարալեզու լրատուամիջոցներուն: Մասնակիցներու աշխարհագրութիւնը բազմազան է` Ռուսաստան, Ուքրանիա, Ղազախստան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, Սուրիա, Լիբանան, Ֆրանսա:

Ամառնային դպրոցը կը տեւէ տաս օր, մասնակիցներուն կը դասաւանդեն Մայր համալսարանի ու հայկական  շարք մը լրատուամիջոցներու յառաջատար մասնագէտները` սկսելով հայոց պատմութեան հիմնահարցերէն, Հայկական հարցէն, Թուրքիոյ` Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրի նկատմամբ քաղաքականութենէն, համացանցի վրայ հայագիտութեան արդի մարտահրաւէրներէն, Արցախեան հիմնահարցէն ու հասնելով բուն մասնագիտական ոլորտ` լրագրողի վարպետութիւն, ՀՀ-սփիւռք գործակցութիւնը լրատուական դաշտին մէջ, հասարակական գիտակցութիւն ու լրատուական միջավայր եւ այլն:

Առաջին դասընթացքին ընթացքին մասնակիցները ծանօթացան հայ ժողովուրդի ծագումնաբանութեան, Հայկական լեռնաշխարհի տարածքային եւ աշխարհագրական առանձնայատկութիւններուն, կարճ ակնարկ կատարեցին հայ ազգի պատմական նշանակութեան ու կարեւորութեան, խօսեցան հարեւան ազգերու կողմէ տարուող հակահայ քարոզչութեան մասին եւ փորձեցին արդիւնաւէտ ուղիներ գտնել ատոր դէմ պայքարի համար, լսեցին բոլոր հնարաւոր գիտական փաստարկներն ու վարկածները:

ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի  փոխտնօրեն Մհեր Յովհաննիսեան մասնագէտներուն ներկայացուց հիմնարկի 8 հայագիտական կայքերը, որոնք անսպառ տեղեկատուութիւն կը պարունակեն մեր պատմութեան, լեզուին, հաւատքին, մշակոյթին մասին` ներառելով հազուագիւտ քարտէզներ ու ատլասներ, գիրքեր ու փաստաթուղթեր, տեսանիւթեր ու բացառիկ նկարներ: Դասի աւարտին սփիւռքահայ լրագրողները դիտեցին թրքագէտ Լուսինէ Սահակեանի «Համշէնը անցեալի ու ներկայի խաչմերոււկներուն» վաւերագրական ֆիլմը, որ բաւականին ազդեց մասնակիցներու ներաշխարհին վրայ. լսելով համշէնահայերու քաղցր բարբառը, հասկնալով անոնց խօսքն ու անոնց աչքերուն մէջ գտնելով իրենց նախնիները` մասնակիցները յուզուեցան եւ վրդովեցան այն փաստէն, որ թուրքերը կը փորձեն համշէնցիներուն ապացուցել, որ իրենց բարբառը եւ լեզուն թրքերէնէն կը սերի:

Դասի աւարտին լրագրողները քիչ մը խօսեցան Սփիւռքի մէջ իրենց հանդիպող խնդիրներուն մասին: Յատկապէս անդրադարձան լեզուի ու ոճի խնդիրին: Հայալեզու թերթերը այլեւս առաջուան սպառումը չունին: Օրինակ` Ռուսաստանի մէջ լոյս տեսնող «Նոեւ Կովչեգ» ամսաթերթը հէնց սկիզբէն լոյս  տեսած է ռուսերէնով` հաշուի առնելով լսարանի պահանջները: «Ասպարէզ» թերթը, որ լոյս կը տեսնէ ԱՄՆ-ի մէջ, անգլալեզու է: «Ասպարէզը» լայն ճանաչում ունի հայկական շրջանակներուն մէջ, քանի որ անգլալաեզու տեղեկատուութիւնը աւելի պահանջուած է: Օրինակ` «Ակօսը» եւս ունի հայերէն բաժին, որուն խմբագիրը Բագրատ Էստուկեանն է, սակայն այն բաւականին աղքատիկ է` համեմատած թերթի հրապարակած թրքալեզու տեղեկատուութեան հետ:

Իսկ ոճի առումով մասնակիցները նշեցին, որ յաճախ նոր ձեռագիրի կարիքը կը զգացուի: Սպառած պաթոսին փոխարինելու պիտի գայ անաչառ, հրատապ ու փաստականացուած լրագրութիւնը: Մասնակիցները առանձնացուցին նաեւ ֆինանսական, աշխատակազմի պակասի ու համացանցի հասանելիութեան խնդիրները: Սակայն բոլորն ալ յոյս յայտնեցին, որ դասընթաներէն պիտի մեկնին լուծումներ գտած ու մասնագիտական հարուստ պաշարով:

Այնուհետ դասընթացքի մասնակիցները այցելեցին Երեւանի պետական համալսարանի Լրագրութեան բաժանմունք, ուր տնօրէն Նաղաշ Մարտիրոսեան յատուկ ոգեւորուածութեամբ ու հիւրընկալութեամբ դիմաւորեց մասնակիցները, ծանօթացուց բաժանմունքի հնարաւորութիւններուն, ծրագիրներուն ու ձեռքբերումներուն` յոյս յայտնելով, որ մասնակիցներէն ոմանք կը մնան եւ ուսումը կը շարունակեն հէնց այստեղ:

Ամալեայ Կարապետեան

ԵՊՀ Լրագրութեան բաժանմունքի 4-րդ դասարանի ուսանողուհի

Scroll Up