Մարտունիի եւ Ասկերանի ուղղութեամբ ուժգին փոխհրաձգութիւն կ’ընթանայ

Ղարաբաղա­ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծը  կրկին անհանգիստ է: Այսօր ժամը 14:00-­էն սկսած առաջնային գիծի արեւելեան (Մարտունիի եւ Ասկերանի) ուղղութեամբ հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 միլիմեթրանոց ականանետերէ ու ՌՊԳ­7 տիպի նռնականետերէ կրակի տակ  առած է հայկական դիրքերը: ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները դիմած են պատասխան գործողութիւններու:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն, այս պահի դրութեամբ  կողմերու միջեւ ուժգին փոխհրաձգութիւնը կը շարունակուի: Շփման գիծի ողջ երկարութեամբ հայ դիրքապահները վստահօրէն կ’իրականացնեն իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը եւ իրավիճակը կը պահեն աչալուրջ վերահսկողութեան տակ: ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ առաջնային գիծին վրայ ստեղծուած լարուածութեան ողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ ատրպէյճանական կողմը:

Scroll Up