13-ամյայ հայուհին Արարատի գագաթին վրայ (լուսանկարներ)

Յուլիս 21-ին «Սահակեանի Համար, Դէպի Արարատ» արշաւախումբը հասաւ Արարատ լերան գագաթը: Արշաւախումբի ղեկավար, ՀԿԲՄ-ի Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէն Նազօ Ճէրէճեան շնորհաւորեց բոլոր Սահակեանցիները, արշաւին յաջողութեան սատարող բոլոր անհատները, մաղթելով, որ այսօրինակ արշաւներ աւանդութեան վերածուին ապագային, կը հաղորդէ Yerepouni Daily News-ը:
Իսկ Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան վարժարանի սանուհի Ծովակ Քէօշկերեան՝ 13 տարեկան, դարձաւ Սրբազան Լեռը բարձրացող ամենաերիտասարդ հայուհին: Այս առիթով, ան մաղթեց, որ աշխարհասփիւռ բոլոր հայորդիները վայելեն Արարատ Լեռ բարձրանալու պատեհութիւնը, հաղորդուին Սուրբ Լերան խորհուրդով եւ պայքարին գերութեան շղթաներէն դուրս բերելու Արարատը: