«Սփիւռք» ամառնային դպրոցը` նոր մեթոտներու ուսուցման կեդրոն

Եթէ ամրան ամիսներուն  շատերը իրենց արձակուրդը կը վայելեն ու շրջագայութիւններու կը մեկնին, ապա Սփիւռքի նախարարութիւնը այս  օրերուն իր բազմաթիւ ծրագիրները կ’իրականացնէ:

Գրեթէ տաս օր է ` կը շարունակուի Սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրը: Բազմաթիւ ուսուցիչներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած են Հայաստան` մասնակցելու ծրագիրին:

Աննա Բարեղամեան նոյնպէս այդ մասնակիցներէն է: Եկած է Պելճիգայի Անտուերպեն քաղաքէն, ուր կիրակնօրեայ դպրոցի  հայոց լեզուի ուսուցչուհի է:  Դպրոցը արդէն երեք տարուան պատմութիւն ունի, իսկ Աննան մէկ տարի է` կը դասաւանդէ. «Մեր գլխաւոր խնդիրը երեխաններուն  մօտ սէր ու ցանկութիւն արթնցնելն է, որ անոնք հաճոյքով գան  դպրոց: Քանի որ դպրոցը կիրակնօրեայ է,  շատ երեխաներ այնքան ալ կարեւորութիւն չեն տար, բայց  կը փորձենք հակառակը ապացուցել»,- կը պատմէ Աննան:

Որպէսզի դասը հետաքրքիր անցնի, Աննան կ’օգտագործէ ժամանակակից տեխնիկա.  ֆիլմեր եւ մանկական ծաղրանկար ֆիլմեր կը ցուցադրէ երեխաներուն, որմէ յետոյ շատ աւելի հետաքրքրութեամբ կը լսեն դասերը: Եւ թէպէտ Աննան դասաւանդման իր մեթոտները ունի, բայց ծրագիրին սիրով եկած է մասնակցելու մեծապէս նոր մեթոտներ սորվելու համար. «Ծրագիրին մասին վերջերս լսած եմ դպրոցի հիմնադիրներէն: Մեծ հաճոյքով համաձայնեցայ, քանի որ աշխատանքային փորձս դեռ այնքան ալ շատ չէ, ուզեցի նոր գիտելիքներ, նոր ձեռքբերումներ ունենալ: Մեր ստեղծագործական միտքը մեզի կ’առաջնորդէ ծրագիրներ ստեղծելու, որոնց միջոցով կը դասաւանդենք եւ հետաքրքիր էր ինծի համար` ինչպիսի  նոր ծրագիրներ ու մեթոտներ կրնան  առաջարկել այստեղ>>:

Աննան մեծ ակնկալիքներով  Հայաստան եկած է, կը շեշտէ, որ ծրագիրը շատ հետաքրքիր ու արդիւնաւէտ  կազմակերպուած է, բայց քանի որ երաժշտութեան մասնագէտ է, կը ցանկար, որ  <<Ազգային երգ ու պար>>  առարկայի դասերը աւելի շատ ըլլային:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծիրէն ներս Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացները մեկնարկած են Յուլիս 9-ին եւ դեռ կը շարունակուին` ընդգրկելով բազմաթիւ ձեռնարկներ, դասեր ու այցեր Հայաստանի տարբեր վայրեր:

 Հռիփսիմէ Գալստեան

ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի 4-րդ դասարանի ուսանողուհի

Scroll Up