Աստուածաշունչը սփիւռքի մէջ մեր` հայերուս, շարունակութեան վկան է

Արժանթինաբնակ Պրենտայի բեմական անունը Պրեն Վանեսքէ է, ան գրած է «1915» երգը` իր մեծ մօր եւ բոլոր զոհերու յիշատակին. «Ես կ’ուզէի արտայայտել իմ զայրոյթս, վիշտս եւ միեւնոյն ժամանակ մասնակից ըլլալ  ու վերապատմել տեղի ունեցածը: Ցեղասպանութիւնը եւ անպատժելիութիւնը անմիջականօրէն կապուած է արեանս հետ: Այս ամէնը զիս ոգեշնչեց  գրել, յիշել: Այս տեսանիւթը շատ անձնական է եւ շատ ազդեցիկ: Այստեղ մոխրագոյն գոյներ  չկան: Եթէ եղած է  անպատիժ ոճրագործութիւն մը, կրնան կրկնուիլ ուրիշները, այդ պատճառով կը պահանջենք`  այլեւս երբեք»:

Պրենտայի մայրական մեծ հայրը` Աւետիս Աւետիքեան, ծնած է 1890թ. Ատանա քաղաքին մէջ, իսկ մեծ մայրը` Թեփերիկ Գարոկլանեան` 1905թ. Թոքատ բնակավայրին մէջ: Թեփերիկի հայրը առեւտրական էր, Հնդկաստանէն մետաքս կը  ներմուծէր: Անոնք կ’ապրէին երկյարկանի  տան մէջ մեծմօր, մօր եւ կրտսեր քրոջ ու եղբօր` Վերոնիքայի եւ Վարդանի հետ:

1915թ. զինուած թուրք ոստիկանները կ’անցնէին հայերու տուներով` հրամայելով տան տղամարդոց միանալ թրքական բանակին: Անոնք, որոնք կը հրաժարէին, տեղուոյն վրայ կը սպաննուէին: Այդպիսով քաղաքը տղամարդոցմէ  դատարկուեցաւ. կանայք, երեխաները եւ ծերերը մնացին անպաշտպան: Քանի մը օր անց ոստիկանները տուներէն մարդոց հանեցին դէպի անապատ` մօտեցող պատերազմէն իրենց պաշտպանելու պատրուակով: Այդ ժամանակ տաս տարեկան Թեփերիկը իր մօր, մեծմօր, կրտսեր եղբօր ու քրոջ  ու իրենց աւանակին հետ միացան դէպի անապատ գացող քարաւանին: Երբ անոնց բռնի տունէն դուրս  կը հանէին, Թեփերիկի մայրը համբուրեց անոր ճակատը ու գիրք մը տուաւ` ըսելով, որ ինչ ալ ըլլայ, երբեք չբաժնուի այդ գիրքէն, որ այն միշտ կ’օգնէ գիտնալու, թէ ով է ինքը:

Բազմաթիւ քիլոմեթրեր երկարող դժոխքի այդ ճանապարհին ընտանիքի անդամներէն ոեւէ մէկը չդիմացաւ այդքան ֆիզիքական հալածանքներուն ու անմարդկային պայմաններուն եւ մահացան բոլորը, բացի Թեփերիկէն: Ան գրեթէ մահամերձ վիճակի մէջ կը յաջողի հասնիլ Տարսոն քաղաք, ուր անոր  ապաստան տուաւ եւ որդեգրեց երեխաներ չունեցող  արաբ ընտանիք մը: Անոր կը մեծցնէին` որպէս արաբ երեխայ եւ կը փափաքէին կնութեան տալ արաբի:

Թեփերիկ կը թաքցնէր իր հայ ըլլալը` այլընտրանք չունէր, բայց ամէն երեկոյ կը կարդար մօր տուած գիրքը`  Ատուածաշունչը, որպէսզի չմոռնայ հայերէնը:

Օր մը Թեփերիկ կը ծանօթանայ հարեւան տան մէջ ապրող երիտասարդի մը հետ եւ, ի զարմանս, ան նոյնպէս հայ էր: Անմիջապէս սկսան խօսիլ եւ մտերմանալ, սակայն միշտ գաղտնի, քանի որ աղջկան արգիլած էին անծանօթներու հետ խօսիլ: Երիտասարդը առաջին օրուընէ սիրահարուեցաւ աղջկան եւ որոշեց գրաւել անոր սիրտը: Այդ նպատակով իր հայ ընկերոջ օգնութեամբ սիրային նամակներ կը գրէր Թեփերիկին: Հերթական նամակը փախչելու առաջարկ էր: Պայմանաւորուելով  անոնք կը փախչին եւ ապաստան կը գտնեն Կարմիր Խաչի քոլեջին մէջ, ուր կային փախստական երեխաներ եւ երիտասարդ ուսանողներ: Այստեղ Թեփերիկ կը ծանօթանայ դպրոցի ուսուցիչ Աւետիսի հետ, որ այդ բոլոր նամակներու իրական հեղինակն էր: 1921թ. Թեփերիկն ու Աւետիսը ամուսնացան:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի պատճառով երիտասարդ զոյգը ստիպուած եղաւ մէկ անգամ եւս փախչելու: Ճակատագիրը տարաւ անոնց դէպի Յունաստան: Երեք տարի անց ծնաւ անոնց առաջնեկը` Ցօլինէն (Պրենտայի  մեծմայրը): Այնտեղ անոնք ապրեցան հինգ տարի, սակայն 1928թ. ձեռք բերին «Ալկատարա» նաւի  տոմսեր, որ կ’ուղեւորուէր դէպի Արժանթին` Պուէնոս Այրէս: Անոնք ընտրած էին այդ նաւահանգիստը, քանի որ իրենց   ընկերներէն հաստատուած էին Հարաւային Ամերիկայի մէջ եւ նամակներու միջոցով կը նկարագրէին  բարգաւաճ, հանգիստ, կեանքով լեցուն եւ յատկապէս խաղաղ երկիր մը: Այդքան սարսափ ապրելէ ու ամբողջ ընտանիքը կորսնցնելէ յետոյ ամենայարմար տեղն էր նոր կեանք սկսելու համար: Այդպէս Աւետիսը, Թեփերիկը եւ Ցօլինէն եկան Լատինական Ամերիկա: Ժամանակի ընթացքին անոնք  համոզուեցան, որ իրենց ընկերները նամակներուն մէջ ճշմարտութիւնը կը  պատմէին: Անոնք գտան խաղաղութիւն, աշխատանք եւ խոստումնալից ապագայ: Կամաց-կամաց յարմարեցան եւ ունեցան եւս երեք երեխաներ` Էտուարտոն, Խորխէն եւ Արմինէն:

Աւետիսը երկար տարիներ աշխատեցաւ «Կուդյէր» անիւներու գործարանին մէջ, իսկ Թեփերիկը դերձակ էր: Այդպէս անոնք ընդելուզուեցան արժանթինական հասարակութեան մէջ` առանց մոռնալու իրենց հայ ըլլալը: Անոնց տան մէջ մեծ գրադարան կար. Աստուածաշունչ, հայրենասիրական երգերու հաւաքածուներ, Միքայէլ Նալպանտեանի եւ այլ հեղինակներու գիրքեր:

«Անհաւատալի կը թուի, որ այսօր իմ ձեռքիս մէջ է 1902 թուականի այդ Աստուածաշունչը, որ մեր փրկութեան ու մեր սերունդներու վկան է: Այն Թեփերիկի ուժն ու դիմադրութիւնն է` կառչած իր երկրի եւ մշակոյթի այդքան մեծ խորհրդանիշը: Այս Աստուածաշունչը սփիւռքի մէջ մեր` հայերուս, շարունակութեան վկան է: Այն կեանք է, պատմութիւն, որուն համար կը պայքարինք,-  կ’ըսէ Պրենտան,-այս պատմութիւնները պէտք չէ մեռնին գլխաւոր հերոսներուն հետ, այլ պէտք է պտտին աշխարհով եւ ապրին մեր մէջ»:

100lives.com

Scroll Up