«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները կը վկայեն ծրագիրի արդիւնաւէտութեան մասին
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծիրէն ներս Յուլիս 9-էն մեկնարկած են Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացները` արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով, իսկ Սփիւռքի կրթօճախներու հայոց լեզուի ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստման դասընթացքը` Յուլիս 14-էն:
Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացներու 117 մասնակիցներու դասարանները ձեւաւորուած են ըստ լեզուաիմացականութեան մակարդակներու, որուն հիմքին դրուած են տարածաշրջանային եւ օտար լեզուի (որպէս հիմնական լեզուի) իմացութեան առանձնայատկութիւնները:
Դասընթացներու մասնակիցներուն «Հնչիւնաբանութիւն», «Բանաւոր եւ գրաւոր կապակցուած խօսք», «Ընթերցանութիւն» եւ «Ազգային երգ ու պար» առարկաները կը դասաւանդեն Հայաստանի տարբեր համալսարաններու վաստակաշատ մասնագէտները:
Անցած 8 օրերուն ընթացքին մեր հայրենակիցները, ժամանակը արդիւնաւէտ օգտագործելով, ոչ միայն կատարելագործած են մայրենիի գիտելիքները, այլեւ հասցուցած են այցելել Հայաստանի շարք մը տեսարժան վայրեր, ծանօթացած ու մտերմացած իրար հետ:
Իր տպաւորութիւններուն մասին պատմեց Ալինա Շափաղաթեան-Լալայեան Սպանիայէն` նշելով, որ Հայրենիքի մէջ անհամեմատ աւելի շատ ջերմութիւն ու անմիջականութիւն գտած է մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ոչ միայն հայոց լեզուի, այլեւ հայրենագիտութեան մասին ամբողջական գիտելիքներու նման ծրագիր մշակելու եւ իրականացնելու համար:
Մոսկուայէն 19-ամեայ Անի Եփրեմեան արտասանեց Շիրազի «Իմ սուրբ Հայրենիք» բանաստեղծութիւնը եւ ստեղծագործութեան` «Քո փառքի համար թէ մի օր վառուեմ, մոխրաբիծ անգամ ինձնից չի մնայ» խօսքերուն հետ աչքերը արցունքոտեցան:
11-ամեայ Յակոբ Սմիթի մայրը հայուհի է, իսկ հայրը` ամերիկացի: Յակոբ ինքզինքը հայ կը զգայ եւ դասագիրքին մէջ ընդարձակ նիւթի մը ընթերցանութեամբ ներկայացուց ձեռքբերած գիտելիքները:
Ռուսաստանէն 19-ամեայ Անի Գալստեան, որ դասերուն ընթացքին սորված է հայերէն այբուբենը եւ նոր-նոր կը կարենայ պարզ միտքերը արտայայտել մայրենիով, հրաշալի կատարեց Կոմիտասի «Կռունկ»-ը:
Իտալիայէն ժամանած 17-ամեայ Մարիամ Ֆրանկուլեան եւ 16-ամեայ Նարէ Յարութիւնեան նշեցին, որ Հայրենիքի մէջ լիակատար հնարաւորութիւն ստեղծուած է Մայրենին կատարելագործելու համար, եւ իրենք ջանք ու եռանդ չեն խնայեր հայոց լեզուն կատարելագործելու համար:
Արեւմտահայերէնի դասընթացք վարելու նպատակով 4 տարի անընդմէջ Հայաստան ժամանող լաւագոյն արեւմտահայերէնի մասնագէտ, Փարիզի Սորպոնի համալսարանի դոկտոր Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան, ներկայացուց իր դասաւանդման մեթոտիկան, պատմեց ուսուցողական պարագաներու օգտագործման շնորհիւ ուսուցման արդիւնաւէտութեան բարձրացման հնարաւորութիւններուն մասին:
Սփիւռքի կրթօճախներու հայոց լեզուի ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստման դասընթացքին կը մասնակցի 25 ուսուցիչ:
«Հայոց լեզուի դասաւանդման հիմնախնդիրները», «Մայրենիի ուսուցման առանձնայատկութիւնները Սփիւռքի դպրոցներուն մէջ», «Հայ գրականութեան դասաւանդման հիմնախնդիրները», «Արուեստի եւ մշակոյթի կրթադաստիարակչական ներուժը», «Ազգային երգ ու պար» եւ այլ առարկաներու միջոցով Սփիւռքէն ժամանած ուսուցիչները ոչ միայն կը ստանան լիարժէք տեղեկութիւն դասաւանդման նոր մեթոտիկայի մասին, այլեւ տեղուոյն վրայ կը կատարեն փորձի փոխանակում, քննարկում եւ կ’իւրացնեն մայրենիի դասաւանդման նոր ծրագիրներ ու ձեւեր:
ԱՄՆ-էն ժամանած հայոց լեզուի ուսուցչուհի Գոհար Պալիքեան Զահըր նշեց, որ այսօրինակ դասընթացները ոչ միայն վերապատրաստուելու, այլեւ այդ նպատակով Հայաստան այցելութեան ընթացքին նոր եռանդ, աշակերտներուն նոր հայրենասիրական ոգի փոխանցելու հնարաւորութիւն կու տան:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ժամանած Հեղնար Գազանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան վերապատրաստումը կազմակերպելուն եւ անհրաժեշտ դասագիրքերով, ուսումնաօժանդակ պարագաներով դպրոցը ապահովելու համար:
Ֆրանսայէն Էմմա Մարտիրոսեան նշեց, որ դասաւանդող հրաշալի դասախօսական կազմ ընտրուած է, որոնք սեղմ, բայց ամբողջական ծրագիրով կը փոխանցեն օգտակար գիտելիքներ:
Եւ՛ հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման, եւ՛ ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացներու մասնակիցները առանձնակի ոգեւորութեամբ խօսեցան «Ազգային երգ ու պար» առարկայի մասին , որ կը դասաւանդէ Գագիկ Գինոսեան: Մասնակիցները հաւաստիացուցին, որ ազգային պարերուն մասին շատ բան կը սորվին, եւ Գ.Գինոսեանէն փոխանցուած հայրենասիրական ոգին իրենց հետ պիտի տանին իրենց բնակութեան երկիրներ:
Լիլիթ Դամիրեան