Սփիւռքի հայկական կառոյցներուն եւ Սփիւռքի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներուն
Յարգելի’ գործընկերներ,
ՀՀ տնտեսութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՀՀ վարչապետի բարձր հովանիի ներքոյ իրականացուող ԱրմԹէք Կոնգրէս’15 բարձր տեխնոլոկիաներու (արուեստագիտութիւններու) ոլորտի ամենամեայ միջազգային համաժողովը այս տարի կ’իրականացուի նոր ձեւաչափով, մասնաւորապէս, 2015թ. Հոկտեմբեր 12-ին համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, իսկ Հոկտեմբեր 14-ին` Արցախի մէջ:
Համաժողովը հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ քննարկել, ծրագրել եւ իրագործել Հայաստանի ներկայիս արուեստագիտական եւ տնտեսական ձեռքբերումներու պահպանման ուղղուած քաղաքականութիւնն ու նախաձեռնութիւնները, յայտնաբերել նոր գործարար եւ ներդրումային հնարաւորութիւններ, ստեղծել նոր կապեր եւ մասնագիտական ընդլայնուած ցանց, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մակարդակով բարձրացնել Հայաստանի` որպէս աշխարհի մէջ առաւել արագ զարգացող բարձր արուեստագիտութիւններու ոլորտ ունեցող երկրի վարկանիշը:
ԱրմԹէք Կոնգրէս’15-ի յաջողութիւնը մեծապէս կախուած է Հայաստանի բարձր արուեստագիտութիւններու ոլորտի զարգացմամբ հետաքրքրուած բոլոր կողմերու համատեղ ջանքերէն: Յատկապէս կարեւոր կը համարուի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող Սփիւռքի հայկական կառոյցներու եւ լրատուամիջոցներու աջակցութիւնը` համաժողովին տարբեր երկիրներու բարձր արուեստագիտութիւններու ոլորտի ընկերութիւններու հայ ղեկավարներու եւ մասնագէտներու մասնակցութիւնը ապահովելու գործին մէջ:
ԱրմԹէք Կոնգրէս’15 Հայաստանի բարձր արուեստագիտութիւններու ոլորտի ամենամեայ միջազգային համաժողովին վերաբերեալ տեղեկատուութիւն կրնաք ստանալ (http://www.armtechcongress.com) հասցէով: