«Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» Պատուոյ Շքանշան՝ Իրաւաբան Արսէն Դանիէլեանին
Կիրակի, Հոկտեմբեր 12ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, Ս. պատարագ պիտի մատուցանէ ծուխի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան: Այս մասին յայտնած է Asbarez.com-ը:
Արարողութեանց պիտի հանդիսապետէ եւ քարոզէ թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ պատարագի ընթացքին Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակին ընթերցումով՝ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ շքանշանով պիտի պարգեւատրէ հանրածանօթ իրաւաբան Արսէն Դանիէլեանը՝ առ ի գնահատութիւն Հայց. եկեղեցւոյ եւ Արեւմտեան թեմին մատուցած իր նուիրեալ ծառայութեան։
Իրաւաբան Արսէն Դանիէլեան, Պարսկաստանի մէջ մանուկ հասակէն սկսեալ թրծուած է Հայց. եկեղեցւոյ ուղղափառ հաւատքով, հայրենասիրութեամբ եւ մեսրոպաշունչ ոգիով: 1972ին աւարտած է Թեհրանի Հայոց ազգային Քուշեշ Դաւթեան միջնակարգ դպրոցը: Իսկ 1978ին իրաւաբանական պսակաւորի տիտղոս ստացած է Իրանի ազգային համալսարանի իրաւաբանական բաժինէն: Պարագաներու բերումով, ընտանիօք փոխադրուած են Քալիֆորնիա:
1982ին աւարտած է Լա Վըրնի համալսարանը՝ ստանալով քաղաքական գիտութիւններու մագիստրոսի կոչում՝ բաղդատական քաղաքականութեան ճիւղին մէջ, իսկ 1984ին աւարտած է նոյն համալսարանի իրաւաբանական բաժինը՝ արժանանալով իրաւագիտութեան դոկտորի տիտղոսին: 2010ին, Հայաստանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական համալսարանը իրեն շնորհած է իրաւագիտութեան պատուոյ դոկտորի տիտղոս: Ներկայիս ան ունի իրաւաբանական իր գրասենեակը եւ սիրուած ու յարգուած իրաւաբան մըն է Լոս Անճելըսի մէջ:
Որպէս ցկեանս խնամակալ Արեւմտեան թեմի Խնամակալութեան ծրագիրին, ան իշխանավայել նուիրատուութիւն կատարած է եւ զանազան առիթներով եւս կը մասնակցի նուիրատուութիւններով: Նկատի ունենալով իր պատրաստակամ ծառայասիրութեան ոգին, առաջնորդը զինք նշանակած է իր կողմէ հաստատուած «Հաւատքի դեսպաններ» յանձնախումբի ատենապետ:
Դանիէլեան երկար տարիներէ ի վեր անսակարկ եւ բազմակողմանի ծառայութիւն մատուցած է Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ: Ան ամուսնացած է դոկտ. Յասմիկ Դանիէլեանի հետ: Զոյգը բախտաւորուած է երկու զաւակներով եւ երկու թոռնիկներով։