ՀՀ սփիւռքի նախարարը մեկնեցաւ Լիբանան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/07/jj.jpg)
ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Յուլիս 17-ին մեկնեցաւ Պէյրութ (Լիբանանի Հանրապետութիւն)` մասնակցելու «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան վերանորոգուած շէնքի եւ թանգարանի բացման, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա-ի գահակալութեան 20-րդ տարեդարձի ձեռնարկներուն եւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան, որ տեղի կ’ունենայ Յուլիս 18-ին` Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ:
Նախարարը ՀՀ Նախագահի ուղերձը կը փոխանցէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Առաջինին: