Հալէպի մէջ խմելու մաքուր ջուր չկայ
Սուրիական կառավարական ուժերու ու ընդդիմադիրներու միջեւ ծաւալող ռազմական գործողութիւններու կիզակէտին գտնուող Հալէպ քաղաքին մէջ արդէն 3 շաբաթ է, որ խմելու մաքուր ջուր չկայ:
english.alarabiya.net-ի փոխանցմամբ` կը գրէ Արցախփրէսը, տուեալ իրավիճակի ստեղծման պատճառն այն է, որ քաղաքի միակ ջրամատակարարման մեքենան չաշխատիր: Տեղացիներուն մէկ մասի խօսքերով, ջրամատակարարման կայանը փակուած է վառելիքի բացակայութեան պաճառով, սակայն բնակիչներու միւս մասի պնդմամբ, այն միտումնաւոր փակած են իսլամիստ ընդդիմադիրները:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ անցած 20 օրուան ընթացքին հալէպցիները ստիպուած եղած են գնել ջրամբարներով բերուած չզտած ջուր,որուն օգտագործումը բազմաթիւ թունաւորումներու պատճառ դարձած է: Բացի այդ շատերը ջուր կը հանեն ջրհորներէ, որ եւս անչափ վտանգաւոր է առողջութեան համար: