Ռոպէր Կետիկեան արժանացաւ «Եղիցի լոյս» մրցանակին

Յուլիս 16-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային ամենամեայ ֆիլմի փառատօնի առիթով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սահմանած «Եղիցի լոյս» մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Հայոց Եկեղեցւոյ հաստատած պատուաւոր մրցանակը այս տարի շնորհուեցաւ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ բեմադրիչ Ռոպէր Կետիկեանին:

Արարողութիւնը սկսաւ միասնական Տէրունական աղօթքով, ապա «Ոսկէ ծիրան» ֆիլմի փառատօնի մասնակիցներուն ու հիւրերուն ողջունեցին Մայր Աթոռի Թանգարաններու եւ Արխիւի տնօրէն Արժանապատիւ Տ. Ասողիկ քահանայ Կարապետեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Գերաշնորհ Տ. Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան: Այս մասին կը յայտնեն Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:

Այնուհետեւ խօսք առաւ փառատօնի հիմնադիր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան` երախտագիտութեամբ անդրադառնալով արուեստի նկատմամբ Վեհափառ Հայրապետի կողմէ ցուցաբերուող ուշադրութեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի միջեւ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութեան, ապա ներկայացուց տիար Ռոպէր Կետիկեանի վաստակը:

 1

Scroll Up