«Արի տուն-2015» ծրագիրի մասնակիցները Վարդավառի տօնին

Յուլիս 12-ին Հայ Առաքելական եկեղեցին եւ ողջ հայութիւնը նշեցին Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը` Վարդավառը:  Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան  «Արի տուն» ծրագիրի 3-րդ փուլի մասնակիցներուն բախտ վիճակուեցաւ այդ օրը ըլլալ Հայաստանի մէջ եւ բոլորին հետ միասին տօնել Վարդավառը:

Վարդուհի Բազումեան «Արի տուն» ծրագիրի միջոցով ծանօթացած ընկերներուն հետ նոյնպէս կը տօնէր Վարդավառը.
«Այստեղ շատ ուրախ կ’անցնի տօնը, տրամադրութիւնս շատ բարձր է: Ես նոյնիսկ Հանրապետութեան հրապարակ գացի, այնտեղ ալ ջրեցին ինծի: Դուրս եկայ մեքենայէն, եւ ջրեցին, սկիզբը զարմացայ, բայց յետոյ այնքան հաճելի, այնքան ուրախ էր…»,-ժպիտը չթաքցնելով` կը  պատմէ Վարդուհին:

Վարդուհին Ռուսաստանէն  եկած է: Ինչպէս ինք կը պատմէ` այնտեղ կը ներկայացնէ հայկական մշակոյթը. Կ’երգէ-կը պարէ հայերէն. «Ուսուցչուհիս ըսաւ, որ հնարաւորութիւն կայ Հայաստան երթալու, մասնակցելու «Արի տուն» ծրագիրին, ծանօթանալու հայրենիքին, հայոց լեզուն աւելի լաւ սորվելու:

Ռուսաստանէն եկած մասնակիցը աւելի առաջ այցելած է Հայաստան, բայց գրեթէ որեւէ բան չէ  հասցուցած տեսնել, իսկ այս ծրագիրի շնորհիւ բազմաթիւ տեսարժան վայրեր այցելած է, նոր ընկերներ ձեռք բերած. «Բոլոր երեխաները այնքան ուրախ են, շփուող, արդէն լաւ սորված եմ հայերէն տառերը, նոյնիսկ քիչ-քիչ սկսած եմ  կարդալ»,- կը նշէ Վարդուհին եւ
շնորհակալութիւն կը յայտնէ  սփիւռքի նախարարութեան, որ  հնարաւորութիւն կու տայ  տարբեր երկիրներու հայ երեխաներուն գալ Հայաստան, ճանչնալ Հայրենիքն ու միեւնոյն ժամանակ սորվիլ հայոց լեզուն:

  Հռիփսիմէ Գալստեան

Scroll Up