ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան ատենապետը

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Սոցիալ դեմոկրատական հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանը:

 Հիւրը նախարարին տեղեկացուց, որ վերջերս  վերադարձած է Արժանթին, Ուրուկուէյ եւ Ֆրանսա կատարած ճամբորդութենէն, որուն նպատակը յիշեալ երկիրներու մէջ հնչակեան 20 գործիչներու նահատակման 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցիլն էր: Ան սփիւռքի նախարարին շնորհակալութիւն յայտնեց Յունիս 15-ին  ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ Սոցիալ դեմոկրատական հնչակեան կուսակցութեան քսան գործիչներու նահատակութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի կազմակերպման եւ համագործակցութեան համար:

 Հրանուշ Յակոբեան Յակոբ Տիգրանեանին ծանօթացուց նախարարութեան կողմէ իրականացուող տարբեր ծրագիրներուն եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի օգոստոսեան փուլին պիտի մասնակցին շուրջ 220 երիտասարդ հնչակեաններ` աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

 Քննակուեցան Օգոստոս 6-ին Երեւանի Յ. Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական պետական թատրոնին մէջ նախարարութեան աջակցութեամբ կազմակերպուող «20 անմահներուն» նուիրուած ոգեկոչման երեկոյին առնչուող  կազմակերպչական հարցեր:

Scroll Up