Տանի Թարքանեան իր թեկնածութիւնը կ’առաջադրէ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ
Տանի Թարքանեան դարձած է երկրորդ ամերիկահայը, որ իր թեկնածութիւնը կ’առաջադրէ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատէն ներս:
ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի փոխանցմամբ` Նեւատայի նահանգը ներկայացնող Թարքանեան յայտարարած է իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մտադրութեան մասին: Ան Խաչօ Աչաճեանէն ետք կը դառնայ Քոնկրէսի երկրորդ ամերիկահայ թեկնածուն:
Թարքանեանն ու Աչաճեանը կրնան միանալ Քոնկրէսի միւս երկու ամերիկահայ անդամներուն` Աննա Էշուին եւ Ճէքի Սփեյէրին: