Արտերկրէն ժամանած 12 ընտանիք ցանկութիւն յայտնած է բնակելու Արցախի մէջ

Արցախ ժամանած եւ իրենց հանգիստը հայրենի բնակավայրին մէջ իրականացնող արտերկիր ապրող մօտ 12 ընտանիք ցանկութիւն  յայտնած է մշտական բնակութիւն հաստատել Արցախի մէջ:

Այս մասին Hraparak.am-ին փոխանցեց «Արցախ» հայրենակցական միութեան անդամ, ՀՀԿ-ական պատգամաւոր, ծնունդով ղարաբաղցի Համլէթ Յարութիւնեան:«Ամէն օր դրսից ընտանիքներ են ժամանում Արցախ ու նախաձեռնութեան օրուանից մօտաւոր հաշուարկներով հինգ հարիւրից աւելի ընտանիք է վերադարձել ու իր հանգիստը կազմակերպում է իրենց տներում: Նրանք Արցախից տարբեր ժամանակներում գնացած մարդիկ են, ովքեր այնտեղ բարեկամներ ունեն, դատարկ տներ:

Այս նախաձեռնութեան առաքելութիւնը կարծես իրականութիւն է դառնում եւ 12 ընտանիք Ռուսաստանից եւ Ուքրաինայից եկած ցանկութիւն են յայտնել մշտական այլեւս չհեռանալ Ղարաբաղից», ըսաւ Համլէթ Յարութիւնեան:

Յիշեցնենք, որ մօտ մէկ ամիս առաջ «Արցախ» հայրենակցական միութիւնը կոչ  ըրած էր աշխարհի բոլոր հայերուն, եւ յատկապէս ծագումով ղարաբաղցիներուն, որոնք կ’ապրին արտասահմանի մէջ, պարբերաբար այցելել հայրենի երկրամաս եւ ամէն տարի իրենց ընտանեկան արձակուրդի գոնէ մէկ շաբաթը իրականացնեն Արցախի մէջ: Յունիս 20-ին Վարդենիս – Քարվաճառ մայրուղիով Արցախ ժամանած էին հիմնականին մէջ ռուսաստանաբնակ շուրջ 200 ընտանիքներ` «Արցախ» հայրենակցական միութեան նախագահ Վարուժան Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ:

 

Scroll Up