Տեղի կ’ունենայ «Արի տուն» ծրագիրի 3-րդ փուլի բացման արարողութիւնը

Յուլիս 06-ին, ժ.11:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի կ’ունենայ «Արի տուն» ծրագիրի 3-րդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը (հասցէն` Վ. Սարգսեան 26/1, «Էրեբունի պլազա» բիզնես կեդրոն, 9-րդ յարկ, «Էրեբունի» դահլիճ):

«Արի տուն» ծրագիրի 3-րդ փուլի մասնակիցներուն կ’ողջունէ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Իրենց կատարումներով ծրագիրի մասնակիցներուն կ’ողջունեն Վանաձորի քերթուածներու թատրոնի հիմնադիր ղեկավար Ջիւան Սարգսեան, Հայաստանի ձայնը 2-րդ եթերաշրջանի մասնակից, հալէպահայ Արմէն Չամիչեան:

 Ծրագիրի երրորդ փուլին  կը մասնակցի 151 երիտասարդ` աշխարհի 17 երկրէ. ՌԴ-էն, Ապխազիայէն,  Ֆրանսայէն, Վրաստանէն, Ուքրանիայէն, Ղազախստանէն, Շուէտէն, ԱՄՆ-էն, Գերմանիայէն, Պելճիգայէն, Լեհաստանէն, Լիբանանէն, Պելառուսէն, Սուրիայէն, Չեխիայէն, Իտալիայէն, առաջին անգամ նաեւ Չինաստանէն:

Ինչպէս նախորդ փուլերուն, այս փուլին եւս «Արի տուն»ը ունի 4-օրեայ ճամբարային ծրագիր, որ կը կազմակերպուի Ծաղկաձորի մէջ:

Scroll Up