Կիպրոսի մէջ բացուած է Արշակ Սարգսեանի ցուցահանդէսը
Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիքոսիոյ ժամանակակից արուեստի կեդրոնին մէջ Յուլիս 1-ին բացուած է հայ նկարիչ Արշակ Սարգսեանի` «Tera-Genesis» խորագիրով ցուցահանդէսը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Յուլիս 29:
«Cyprus Mail» պարբերականի փոխանցմամբ` Սարգսեանի արուեստը ժամանակակից մարդու, դժուարութիւններու եւ հակասութիւններու, ինչպէս նաեւ նկարիչի երեւակայութեան մէջ անոր վերացական առանձնայատկութիւններուն շուրջ է: Սարգսեան իր արուեստին մէջ կը ներկայացնէ առօրեայ կեանքի գերբնական երեւոյթները:
Արշակ Սարգսեան կ’ապրի եւ կը ստեղծագործէ Երեւանի մէջ: Ան յաճախած է Հայաստանի Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնը, այնուհետեւ «Փարոս» հիմնադրամի աջակցութեամբ ուսումը շարունակած Կիպրոսի գեղարուեստի դպրոցին մէջ:
Նկարիչը անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Լոնտոնի, Պրեմենի, Մոսկուայի, Փարիզի եւ Նիւ Եորքի մէջ, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու մէջ մասնակցած խմբակային ցուցադրութիւններու: