«Հրաշագործ Տիգրան Համասեան երաժշտութիւնը կը կիրառէ դիմացինի հոգին լուալու համար». թրքական Radikal-ի անդրադարձը

Հայ անուանի դաշնակահար Տիգրան Համասեան կը շարունակէ իր «Լոյս ի լուսոյ» խորագիրը կրող համերգաշարը` ելոյթներով հանդէս գալով Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ: Յունիս 30-ին Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբի ուղեկցութեամբ եւս մէկ համերգ  կազմակերպուած էր Սթամպուլի Aya irini թանգարանին մէջ` սթամպուլեան 22-րդ ճազ-փառատօնի ծիրէն ներս:
Թրքական «Radikal» պարբերականը` «Հաւանաբար ան մեզի կախարդած է» վերնագիրի ներքոյ անդրադարձած է Համասեանի ելոյթներուն ու ատոնց յառաջացուցած ոգեւորութեան ու հիացմունքին, կը տեղեկացնէ ermenihaber.am-ը:
«5-էն 19-րդ դարերու հայ աւանդական երաժշտական ստեղծագործութիւններու իւրօրինակ մեկնաբանութիւններով ան, հաւանաբար, կախարդած է մեզի բոլորիս: Բաւական դժուար է ` փորձել բառերով նկարագրել այս երաժշտութիւնը: Համասեան հրաշագործ է: Նախ կը զգաս, որ ոգիդ կ’ընդլայնուի, պարուրելով ողջ տիեզերքը: Նոյնականանալով ամբողջի հետ: Յետոյ միանգամէն քեզի կը քաշէ-հանէ այդ վիճակէն, կը սթափիս, կարծես թէ նիրհէն  կ’արթննաս: Ու կը հասկնաս, որ երաժշտութեան մէջ կը հոսէիր…
Հրաշագործ Համասեան երաժշտութիւնը կը կիրառէ դիմացինի հոգին լուալու համար»,-  կը գրէ «Radikal»-ի թղթակից Կիւլտեհան Այսէն:
Անդրադարձ կատարելով Համասեանի անցած երաժշտական ուղիին եւ նշելով այն փաստը, որ իր առաջին ձայնասկաւառակը տաղանդաւոր երաժիշտը թողարկած է 18 տարեկանին` լրատուամիջոցը կը տեղեկացնէ, որ բրիտանական հեղինակաւոր «The Guardian» պարբերականը Համասեանի մասին առիթով մը գրած է որպէս «Ճազին հայկական շունչ հաղորդած դաշնակահար»:
«Չիք Գորէայի, Պրատ Մեհլտաուի, Հերպի Հանքոքի նման վարպետներու հետ ելոյթ ունեցած Համասեան բախտ ունեցած է երիտասարդ տարիքին Հանքոքէն լսելու «Դուն արդէն իմ ուսուցիչն ես» արտայայտութիւնը», – կը գրէ թրքական պարբերականը:
Կիւլտեհան Այսէն նաեւ իր հիացմունքը կը յայտնէ Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբին վերաբերեալ` ընդգծելով, որ այդ երգիչներու ձայները Համասեանի երաժշտութեան հետ ամենալաւ համադրութիւնն են:
«Ի հարկէ, պէտք չէ նաեւ մոռնալ Յարութիւն Թօփիկեանի ղեկավարած Երեւանի պետական կամերային երգչախումբի սօլիստներու դերը: Երբ հնչեց այդ` բառի ամենաիսկական իմաստով «բիւրեղեայ ձայներու» սոփրանոն, սրահին մէջ բոլորը  վայրկեան մը քարացան»:

Scroll Up