Ալմելոյի մէջ մեծ շուքով նշած են Հոլանտայի մէջ գործող կիրակնօրեայ հայկական դպրոցներու աւարտական հանդէսը
Հոլանտա, Ալմելօ, 27 Յունիս: Հոլանտայի երկինքին մէջ այդ օրը եւս մէկ անգամ շողշողաց հայոց արեւը` նայիրեան շողերով ջերմացնելով Ալմելոյի «Սուրբ Մաշտոց» եկեղեցւոյ սրահէն ներս հաւաքուած հոլանտաբնակ հայերու սրտերը: Անգամ շրջակայքի ծառերն ու թուփերը հայեցի զարդարուած էին եւ կ’ողջունէին բոլորին` մեղմ շշնջալով «Բարի գալուստ»:
Յունիս 27-ը իր անջնջելի հետքը պիտի ձգէ բոլորի հոգիներուն մէջ` առաւելապէս հայ մանուկներուն, որոնք Հոլանտայի մէջ գործող կիրակնօրեայ հայկական դպրոցներու` «Հարթակի» ծիրէն ներս, իրենց ելոյթներով եւս մէկ անգամ ապացուցեցին, որ հայեցի ոգին երբեք չի կորսուիր, աշխարհի որ ծայրն ալ ըլլանք:
Իսկ աւարտական ձեռնարկ-հանդէսը` ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերուն, կը կրէր խորագիրը: Յատկանշական է, որ ձեռնարկի խորագիրը կը կրէ նաեւ վերջերս Մաստրիխտի «Անի» հայ համայնքի եւ «Սուրբ Կարապետ» եկեղեցւոյ օժանդակութեամբ հրապարակուած` նոյն համայնքի ուսուցիչ Արտակ Մանուկեանի բանաստեղծութիւնը, որ ներկայացուցին Մաստրիխտի կիրակնօրեայ դպրոցի երեխաները:
Իբրեւ «Հարթակի» աւարտական հանդէսի ընդունող կողմ եւ կազմակերպիչ, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ալմելոյի կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն պարոն Մանուկ Մկրտչեան: Հիւրերուն ողջունելէ յետոյ խօսքը տրուեցաւ Հոլանտայի մէջ Հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ, հոգեշնորհ Տէր Սերովբէ Վարդապետ Իսախանեանին, որ առաջարկեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը, այնուհետեւ Տէրունական աղօթքով օրհնեց բոլոր ներկաները: Ապա Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգի ներքոյ ծածանեցաւ եռագոյնը` եկեղեցւոյ սրահը լեցնելով հայատրոփիւն սրտերու զարկերով:
Չափազանց գեղեցիկ էր անակնկալը, որ մտայղացած էր պարոն Մանուկ Մկրտչեան, առ այն, որ հայրենիքէն բոլոր ներկաներուն ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեան: Ապա իր ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Նիտերլանտներու թագաւորութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկին Ձիւնիկ Աղաջանեան:
Այնուհետեւ Ալմելոյի դպրոցի ուսուցչուհի տիկին Սուետլանա Անժէլա Ստեփանեանի ազդարարմամբ բեմը հերթականութեամբ տրամադրուեցաւ Ալմելոյի,Մաստրիխտի, Նայմեխէնի դպրոցներու աշակերտներուն, որոնք իրենց գեղեցիկ արտասանութիւններով,երգերով եւ պարերով գորովանքով եւ ցնծութեամբ լեցուցին բոլոր ներկաներու սրտերը` եւս մէկ անգամ ապացուցելով,որ մեր փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժի մէջ է:
Ապա իր եզրափակիչ Տէրունական խօսքով ներկաներուն կրկին օրհնեց Հոգեշնորհ Տէր Սերովբէ Իսախանեան եւ պահ մը թուեցաւ, թէ սրահին մէջ մեղրամոմի պէս աղօթքը կը հալի`բոլորի հոգիները լեցնելով Առաքելական զօրութեամբ:
Հանդիսութեան աւարտին հետեւեցաւ հիւրասիրութիւն` հայկական աւանդական խորովածով եւ տարատեսակ` մէկը միւսէն համեղ ուտեստներով: Ամէն ինչ շքեղ էր, ամէն ինչ հրաշալի․փառք ու պատիւ Ալմելոյի ամբողջ համայնքին գեղեցիկ ու ճաշակով կազմակերպելուն համար` անժխտելի համարելով ձեռնարկի կազմակերպիչ,Ալմելոյի դպրոցի տնօրէն պարոն Մանուկ Մկրտչեանի մեծ աւանդը հայաշունչ ու գեղեցիկ այդ օրուան համար:
Աւարտին անակնկալէ զերծ չէր մնացած նաեւ «Հարթակի»` կեանքի կոչման նախաձեռնող տիկին Սուետա Աբրահամեան, որուն տարեդարձն էր վերջերս: Առիթէն օգտուելով` «Հարթակի» պատասխանատուներն ու ուսուցչական կազմը իրենց շնորհաւորանքի եւ երախագիտութեան խօսքը փոխանցեցին տիկին Սուետային `փոքրիկ յուշանուէրներ յանձնելով անոր:
Ալմելոյի երկինքը դեռ մայր չէր մտած հայոց արեգակը եւ իր ջերմ շողերով ճանապարհ կը դնէր բոլոր հիւրերը` մաղթելով անոնց բարի ճանապարհ եւ հայայաւէտ միասնականութիւն:
Շնորհակալութիւն քեզ Ալմելօ․․․
Արտակ Մանուկեան