Հռոմի Պապը ցաւակցական հեռագիր յղած է Ներսէս ԺԹ-ի մահուան կապակցութեամբ
Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը ցաւակցական հեռագիր յղած է Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքութեան` Ներսէս Պետրոս 19 րդ Թարմունի 75 տարեկանին անժամանակ մահուան կապակցութեամբ:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը` վկայակոչելով Վատիկանի մամլոյ ծառայութիւնը, Պապը իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնած է պատրիարքութեան ու վերյիշած իր սերտ համագործակցութիւնը երջանկայիշատակ պատրիարքին հետ, որուն կարեւորագոյն արդիւնքներէն էր վերջերս եկեղեցւոյ կողմէ Գրիգոր Նարեկացին տիեզերական եկեղեցւոյ դոկտոր հռչակելու քայլը:
«Ես ողորմած Հօր ձեռքերուն կը յանձնեմ այդ նուիրեալ հովիւի հոգին. Հոգեւորական մը, որ ինքզինք ամբողջովին նուիրեց իր պատասխանատուութեան տակ գտնուող համայնքներուն ծառայելուն եւ յետագային իբրեւ եպիսկոպոս իր ծառայութիւնը առաջ տարաւ հաւատքով եւ նախանձախնդրութեամբ սկիզբը Ալեքսանտրիոյ մէջ, այնուհետեւ իբրեւ Կիլիկիոյ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք: Կը միանամ բոլոր անոնց աղօթքներուն որոնց հասած է անոր յանկարծ մահուան լուրը եւ իմ առաքելական օրհնութիւնը կը փոխանցեմ մասնաւորապէս Կիլիկիոյ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան եպիսկոպոսաց դասին հանգուցեալի ընտանիքին եւ բոլոր անոնց որ կը մասնակցին անոր յուղարկաւորութեան» ըսուած է հեռագիրին մէջ: