Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հրաժեշտ տուաւ Գերմանիոյ դեսպանին

Յունիս 24-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտող Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռայներ Մորելի հետ:

Հանդիպման Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Մայր Աթոռի եւ դեսպանատան միջեւ ձեւաւորուած սերտ կապերուն, ինչպէս նաեւ կարեւոր համարեց դեսպանի` հայ-գերմանական յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղուած ջանքերը:

Խօսելով Գերմանիոյ Պունտեսթաքի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրին մասին` Ամենայն Հայոց Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ շարունակուող քննարկումները դրական հանգուցալուծում կ’ունենան: Գարեգին Բ Վեհափառը ընդգծեց, որ Գերմանիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը օրինակ պիտի ծառայէ այլ պետութիւններու եւ ժողովուրդներու համար` նպաստելով նաեւ մարդկային կեանքին մէջ նման ողբերգութիւններու կանխարգելման:

Իր հերթին դեսպան Մորել շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց Հովուապետին ջերմ վերաբերմունքին եւ համագործակցութեան համար:

Scroll Up