Արի տուն-2015. «Ուրախ ենք, որ Հայաստանի մէջ կը գտնուինք…»
Երեւանի Ստեփան Շահումեանի անուան թիւ 1 հիմնական դպրոցին մէջ «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցները, մինչեւ ծրագիրով նախատեսուած շրջագայութիւններու մեկնիլը, Հայոց լեզուի դասընթացքի կը մասնակցին: Երեխաներուն այցելեցինք այն ժամանակ, երբ անոնք Տէրունական աղօթքով դասը կ’աւարտէին: Արիտունցիներուն Հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդող, Վալերի Բրիւսովի անուան համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի աւագ դասախօս Սուսաննա Աբազեան տեղեկացուց, որ բացի աղօթքէն ամէն դասի պարտադիր նաեւ Հայաստանի պետական օրհներգը կ’երգեն եւ Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը կ’արտասանեն:
«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին մասնակիցները կը նշէին, որ ուրախ են Հայաստան գտնուելու համար, իսկ «Արի տուն» ծրագիրին մասին ոգեւորութեամբ եւ ժպիտներով կը խօսէին…
Ցոլեր Քիլեճեան – Ես Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն եկած եմ երկրին մէջ տիրող պատերազմի պատճառով: Գալով Հայաստան` ուրախ եմ, որ բախտը ունեցայ մասնակցելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին: Ուրախութիւնս մեծ է, որ հայոց լեզուի դասընթացներու մասնակցեցայ, քանի որ կրցայ հայերէնի գիտելիքներս հարստացնել: Երախտապարտ եմ մեր հայերէնի ուսուցչուհիին, որ մեզի այդքան շատ տեղեկութիւններ տուաւ հայ մշակոյթէն եւ պատմութենէն: Այս օրերուն ընթացքին նոր ընկերներ ունեցայ, շատ գեղեցիկ եւ հետաքրքիր վայրեր այցելեցինք, որուն շնորհիւ այլ աչքերով բացայայտեցի Հայաստանը: Շնորհակալ եմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան այս ծրագիրի կազմակերպման համար:
Կարէն Բանոս – Շատ սիրեցի «Արի տուն»-ը, որովհետեւ առիթ տրուեցաւ ինծի Հայրենիքս մօտիկէն ծանօթանալու: Ամէն ինչ լաւ կազմակերպուած է, գոհ եմ. բաւականին շատ տեղեկութիւններ իմացայ ազգիս եւ արմատներուս մասին: Կը փափաքիմ, որ ամէն հայ այցելէ Հայաստան եւ ճանչնայ իր Հայրենիքը:
Մարիա Մարգարեան – Իմ պատանեկութեան շրջանին առաջին անգամ Սուրիայէն դուրս ելայ դէպի Հայաստան` դժուարին պայմաններէ դրդուած: Հայաստան ժամանելէ ետք լուր հասաւ, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը հայրենաճանաչութեան պտոյտ կը կազմակերպէ, որ «Արի տուն» կը կոչուի: Պտոյտի ընթացքին ծանօթացայ մեր երկրի յուշարձաններուն, թանգարաններուն, լիճերուն եւ, վերջապէս, հայ ժողովուրդի անցեալին: Ըսեմ, որ ծանօթութիւնը Հայրենիքիս հետ շատ հաճելի էր: Ամէն առաւօտ հայոց լեզուի դասընթացք ունինք, որուն մեծ սիրով կը մասնակցիմ: Մեր ուսուցչուհին տարբեր պատմութիւններ կը պատմէ, դրուագներ կը ներկայացնէ հայոց պատմութենէն: Ցանկութիւնս է, որ սփիւռքահայերը այցելեն Հայաստան` ճանչնալու համար իրենց արմատները:
Շանթ Յովհաննէսեան – Ես նոյնպէս Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն եկած եմ: Ուրախութիւնս մեծ է, որ «Արի տուն» ծրագիրին կը մասնակցիմ: Ծրագիրին շնորհիւ շատ բացայայտումներ ըրի նախնիներուս մասին: Ճիշդ է` որոշակի տեղեկութիւն ունէի, բայց աւելի հիմնաւոր իմացայ: Մեզի կը տանին շրջագայելու տեսարժան վայրեր, ուր կը ծանօթանանք հայկական մշակոյթին: Շատ շնորհակալ եմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան:
Ֆապիանա Թադեւոսեան – Այս ծրագիրէն ես շատ ոգեւորուած եմ եւ կը ցանկամ, որ այն շարունակական բնոյթ կրէ: Յաջողեցայ լաւ ընկերներ գտնել, որոնց հետ ջերմ յարաբերութիւններ ձեւաւորեցի. ծանօթացայ Հայրենիքիս բոլոր գեղեցիկ վայրերուն, իմացայ այցելածս վայրերու նշանակութիւնն ու պատմութիւնը:
Սակայն ամէնէն շատ տպաւորուած եմ զօրամաս այցելութենէս, ուր հանդիպեցայ մեր զինուորներուն: Հետաքրքիր էր տեսնել, թէ ինչպէս անոնք կը մարզուին, սնուին եւ քնանան:
Պատրաստեց Գէորգ Չիչեան