Մէկ Հայ Վիրաւոր Հալէպի Մէջ
Երկուշաբթի 15 Յունիս-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կրկին թիրախ դարձուցին Հալէպի խաղաղ բնակչութիւնն ու հրթիռակոծեցին Սեպիլի, ԷշրէՖիէի, Ազիզիէի, Ճէլէի շրջանները:Սեպիլ շրջանի Ապտ ալ Րահման մզկիթին մօտ ինկած հրթիռի մը պատճառով փուլ եկաւ բնակչութեամբ հոծ շէնք մը: «Սանա»-ի տուեալներուն համաձայն արձանագրուեցաւ 31 զոհ, աւելի քան 150 վիրաւոր, որոնց 50 %-ը երեխաներ էին: Սելլում հիւանդանոցին մօտ ինկած հրթիռի մը հետեւանքով վիրաւորուեցաւ հայազգի Ֆերնանտ Նիկողոսեանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար» շաբաթաթերթը:
Նոյն օրը ռմբակոծումին զուգահեռ սուրիական բանակին եւ զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ բուռն բախումներ արձանագրուեցան: Զինեալները փորձեցին թափանցել Ժամհիէթ ալ Զահրաա, ԷշրէՖիէ եւ Խէլտիէ շրջաններ, սակայն սուրիական բանակը յաջողեցաւ ետ մղել զանոնք:
Պաաս Կուսակցութեան Կեդրոնական Մարմինը դատապարտեց ահաբեկիչներու մարդկութեան դէմ ի գործ դրած ոճիրները, շեշտելով, որ անոնք իրենց պարտութեան վրէժը կը լուծեն` սպառնալով Հալէպի բնակչութեան: Կուսակցութեան օգնական քարտուղար Հիլալ ալ Հիլալ, Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան ՄուՖթի Պատր ալ Տին Հասսուն, Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան ալ Զողպի եւ Հալէպի նահանգապետ դոկտ. Մարուան Ուլապի դատապարտեցին Հալէպի խաղաղ բնակչութեան հրթիռակոծումն ու շեշտեցին, որ Հալէպ պիտի մնայ ահաբեկիչներուն դէմ կանգուն միջնաբերդ: