Աթէնքի մէջ հանդիպում Նունէ Եսայեանի հետ
Աթէնք իր այցելութեան առիթով, հայրենի սիրուած երգչուհի Նունէ Եսայեանի եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներուն հետ հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը, համերգի նախապատրաստութեան եւ ընդհանրապէս հայկական մշակոյթին շուրջ զրոյց մը ունենալով։ Այս մասին կը յայտնէ Յունաստանի Համազգայինի շրջանային վարդութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» համերգային ծրագրին համար, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած էր, նշուեցաւ հայրենիքի եւ Սփիւռքի գաղութներու միջեւ մշակութային բնոյթի յաւելեալ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, հայ մշակոյթի եւ մշակութային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման նպաստելու առումով։
Ջերմ ու անմիջական զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան ազգային մշակոյթի պահպանութեան գործին մէջ Սփիւռքի ստեղծագործող երիտասարդութեան ներգրաւման, ուծացման ու լեզուամշակութային ինքնութեան կորուստին դէմ պայքարին նպաստող քայլերու եւ նախաձեռնութիւններու, ինչպէս եւ Սփիւռքի մէջ Համազգայինի հիմնական դերակատարութեան վերաբերող հարցեր։