Իրաքահայոց թեմի առաջնորդը պարգեւատրած է խորհրդարանի անդամ Ռաշիտ Ալ-Եասրին

Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Աւագ Արք Ասատուրեան պարգեւատրած է Իրաքի խորհրդարանի անդամ Ռաշիտ Ալ-Եասրին իր ցուցաբերած աջակցութեան բոլոր Իրաքի փոքրամասնութիւններուն եւ ի մասնաւորի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած գիտաժողովին մասնակցութեան համար:
Պարքեւատրումը տեղի ունեցած է Իրաքի հայոց առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, ուր ներկայ եղած են բանիմաց մարդիկ եւ ակատեմիկոսներ զանազան մասնագիտութիւններով: Այնտեղ հանգամանօրէն քննարկուած է ցեղասպանութեան դէմ քայլեր եւ միջոցներ առնելու շուրջ, որ ան չկրկնուի անգամ մը եւս ազգութիւններու ու փոքրամասնութիւններու դէմ: