ՀՀ սփիւռքի նախարարը մասնակցեցաւ Ալեքօ եւ Անի Պեզիքեան կեդրոնի բացման

Յունիս 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցեցաւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան նախաձեռնութեամբ եւ իտալահայ բարերար Ալեքօ եւ Անի Պեզիքեան ընտանիքի միջոցներով կառուցուած եւ կահաւորուած Կեդրոնի բացման: Երեւանի Թբիլիսեան խճուղիի վրայ կառուցուած Կեդրոնը շարունակութիւնն է Գիւմրիի մէջ գործող «Տիրամայր Հայաստանի» կրթօճախի եւ նախատեսուած է ծառայելու իբրեւ կացարան ու կեդրոն այն երիտասարդ աղջիկներուն համար, որոնք ըլլալով անապահով ընտանիքէ` կ’ուսանին Երեւանի ուսումնական հաստատութիւններու մէջ: Ինչպէս նշեց բարերար Ալեքօ Պեզիքեան`  Կեդրոնը իր բոլոր յարմարութիւնները եւ հնարաւորութիւնները կը ծառայեցնէ օրինակելի քրիստոնեայ եւ ազգային դաստիարակութեամբ հայ օրիորդներ եւ ապագայ մայրեր դաստիարակելու համար:

 Գնահատանքի խօսք ուղղելով Պեզիքեան ընտանիքին` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այս նախաձեռնութիւնը գնահատեց իբրեւ իրական հայրենասիրութեան, բարեգործութեան եւ հոգեւոր միասնականութեան հրաշալի օրինակ:

Կեդրոնի բացման ներկայ էին Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոս Առաջինի, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-Պատրիարք Ներսէս-Պետրոս ԺԹ-ի պատուիրակները, Հայաստանի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Հ. Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեան, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ օտարերկրեայ դեսպաններ, կրօնական, հասարակական, մշակութային գործիչներ, սփիւռքահայ բազմաթիւ հիւրեր:

 

Scroll Up