Ապրիլեան նահատակներուն յարգանքի այլ արարողութիւն մը եւս

 հրաւիրատոմսը, որ ղրկուած էր Մարսիլիոյ ծե­րակու­տա­կան-քա­ղաքա­պետ Ժան-Գլօտ Կօ­տէնի եւ Երու­սա­ղէմի Սուրբ Ղա­զարու աս­պետնե­րէն Օհան Հէ­քիմեանի անու­նով, սա­պէս շա­րադ­րուած էր «Cérémonie en hommage aux martyrs du 1er génocide du XXe siècle canonisés 100 ans après (1915-2015)»։

Անի­րազեկ մեր ըն­թերցող­նե­րուն հա­մար յի­շեց­նենք որ այս զբօ­սայ­գիին մէկ գողտրիկ ան­կիւնը 1992ին զե­տեղուեցաւ գե­ղեցիկ խաչ­քար մը, նուէր Երե­ւանի քա­ղաքա­պետու­թեան կողմէ՝ Մար­սի­լիա քա­ղաքին, իբ­րեւ վկայ ֆրան­քեւհայ­կա­կան դա­րաւոր բա­րեկա­մու­թեան։ Նշեալ ժա­մուն հոն էին բա­ւական մեծ թի­ւով ընտրեալ­ներ իրենց պե­տական վզնոց­նե­րով, որոնց մէջ քա­ղաքիս 4րդ եւ 5րդ շրջան­նե­րու (6-8 եւ 9-10 թա­ղամա­սերու) թա­ղապետ­ներ Իվ Մորէն եւ Լիոնէլ Ռուայէ, քա­ղաքա­պետի ներ­կա­յացու­ցիչ՝ կցորդ Տի­տիէ Բա­րակեան, նա­հան­գա­յին խոր­հուրդի նո­րըն­տիր նա­խագա­հու­հի (մօր կող­մէ հայ) Մար­թին Վա­սալ, Լա­տին եկե­ղեց­ւոյ առաջ­նորդա­կան փո­խանոր­դը։ Իսկ Հայ եկե­ղեց­ւոյ կղե­րէն Տա­րօն Եպիսկ. Ճէ­րէճեան եւ Վար­դա­վառ Գաս­պա­րեան ու Տրդատ Պա­զիկեան քա­հանա­ները։ «Արա­րողու­թիւնը» վա­րեց կեդ­րո­նական քա­ղաքա­պետա­րանի արա­րողա­պետ Ժ. Գա­րափ­լիս։ Սա­հակ-Մես­րոպ երգչա­խումբը ղե­կավա­րու­թեամբ Խ. Եըլ­մա­զեանի մեկ­նա­բանեց ֆրան­սա­կան եւ հայ­կա­կան փա­ռերգնե­րը եւ ի վե­րին Երու­սա­ղէմ, որ­մէ ետք Տա­րօն Եպիսկ. Ճէ­րէճեան կար­դաց Հոգ­ւոցը։ Ար­դեօք մե՞նք կը սխա­լինք կար­ծե­լով որ Սուրբե­րուն հո­գեհան­գիստ չի կա­տարուիր, թէ ոչ մեր կղե­րէն ոմանք չեն հա­ւատար անոնց սրբա­դասու­թեան…։

Ապա հեր­թով խօսք առին Օհան Հէ­քիմեան, Տի­տիէ Բա­րակեան, տե­ղական CCAF-ի հա­մանա­խագահ Սի­մոն Ազի­լազեան եւ Մար­թին Վա­սալ, որ յայտնեց թէ իր ար­տա­սահ­մա­նեան առա­ջին պաշ­տօ­նական այ­ցե­լու­թիւնը աշ­նան պի­տի կա­տարէ դէ­պի Հա­յաս­տան։ Ծա­նու­ցուեցաւ որ այս տա­րի Յու­լիս 14ին, Ֆրան­սա­յի ազ­գա­յին տօ­նին օրը, քա­ղաքա­պետու­թեանս պաշ­տօ­նական հիւ­րը պի­տի ըլ­լայ Երե­ւանի քա­ղաքա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան։ Հուսկ ու­րեմն խօսք առաւ Էքս-Մար­սիլիոյ հա­մալ­սա­րանի հայ­կա­կան ամ­պիոնի վա­րիչ Փաթ­րիք Տօ­նապե­տեան որ ծան­րա­ցաւ նա­հատակ­նե­րուն մե­զի կտա­կած հո­գեւոր ժա­ռան­գութեան – եւ առա­ջին հեր­թին հա­յերէն լե­զուի պահ­պանման ու փո­խանցման ան­յե­տաձ­գե­լի պար­տա­ւորու­թեան վրայ, ափ­սո­սալով որ՝ 500.000 (՞՞՞) Ֆրան­սա­հայու­թե­նէն ոչ իսկ 200 թեկ­նա­ծու կայ հա­յերէ­նը իբրեւ օտար լե­զու՝ Պաքալօրէայի քննու­թիւննե­րուն ներ­կա­յաց­նող…։ Աւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ Նա­հան­գա­յին խոր­հուրդի, քա­ղաքա­պետա­րանի եւ Հա­յաս­տա­նի հիւ­պա­տոսա­րանին նուիրած ծաղ­կեպսակ­նե­րու զե­տեղում։ Թե­թեւ հիւ­րա­սիրու­թեամբ մը փա­կուե­ցաւ ձեռնարկը։

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up