Հայոց ցեղասպանութեան վատիկանեան արխիւներու մասին ակադեմական յօդուած հրապարակուած է Արժանթինի մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս Պուէնոս Այրէսի «Լուիսա Հայրապետեան» հիմնադրամի անդամները Արժանթինի Սոցիալական թանգարանի համալսարանին մէջ ներկայացուցած են նոյն համալսարանի ամսագիրին մէջ տպագրուած Dossier Especial: Genocidio յօդուածաշարը, ըստ armeniangenocide100.org-ի` կը գրէ guiamenc.blogspot.com-ը:

Ատոր մէջ տարբեր վերլուծութիւններ կան ցեղասպանութիւններու եւ հետեւանքներու մասին: Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Իրաւունքն ու ճշմարտութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին Վատիկանի պատմական փաստաթուղթերու կիրառումը» խորագիրով յօդուած  ներկայացուցած է Պուէնոս Այրէսի համալսարանի պատմութեան փրոֆէսոր, մարդաբանութեան դոկտոր եւ հիմնադրամի անդամ Ալեքսիս Փափազեան:

Scroll Up