Փարիզի Մէջ Կայացած է Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Նուիրուած Գիտաժողով

Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական խումբի նախագահ Ֆիլիփ Կալտենպախի նախաձեռնութեամբ Փարիզի մէջ կայացած է «Ֆրանսա` երկիր, որ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հայերը» խորագիրով գիտաժողով, որուն մասնակցած է քանի մը հարիւր մարդ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը` վկայակոչելով Nouvelles d’Arménie-ն, գիտաժողովին պատմաբան Իվ Թերնոնը ներկայացուցած է պատմական ժամանակաշրջանը ու այն պայմանները, որոնց մէջ գտնուող Ֆրանսան ընդունած է փախստականները:

Վալերի Թորանեանը ներկայացուցած է իր ընտանիքի պատմութիւնը եւ այն սարսափը, որով անցած է իր տատիկը: Ան շեշտած է, որ այդ հայերն ու անոնց սերունդները Ֆրանսան ընդունած են որպէս երկրորդ տուն եւ նպաստած ինչպէս Ֆրանսայի կայացման, այնպէս ալ ալ հայ-­ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացման:

Ծերակոյտի Հայաստան-Ֆֆրանսա բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Էսթեր Պենպասան ալ պատմած է Սթամպուլի մէջ անցուցած իր մանկութեան մասին:

Scroll Up