«Կոմիտասը 20-րդ դարու հայ նկարիչներու աչքերով» ցուցահանդէս «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ

2015 թուականի Յունիս 7-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տօնեց Կաթողիկէ Սբ. Էջմիածինի տօնը: Վիրահայոց թեմէն ներս այն նշանաւորուեցաւ Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի հանդիսապետութեամբ եւ հոգեւոր դասի մասնակցութեամբ, մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, որուն Պատարագիչն էր Տէր Մանուկ քահանայ Զէյնալեան: Այս մասին կը յայտնեն Վիրահայոց թեմէն:
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Թեմակալ առաջնորդը յաւուր պատշաճի քարոզ խօսեցաւ օրուան խորհուրդի մասին, արժեւորեց Թիֆլիսի մէջ Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ գործունէութիւնը: Շնորհաւորական մաղթանքէն յետոյ Եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ բաժնուեցաւ ժողովուրդին:
Այնուհետեւ հաւաքուած հասարակութիւնը Վիրահայոց թեմի առաջնորդի, հայ եւ վրացի նկարիչներու, Երեւանէն, Նորվեկիայէն եւ Շուէտէն ժամանած հիւրերուն հետ դիտեց «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ կազմակերպուած «Կոմիտասը 20-րդ դարու հայ նկարիչներու աչքերով» ցուցահանդէսը:
Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ ներկայացուած էին նկարիչներ Սարգիս Մուրատեանի, Սուրէն Սաֆարեանի,Գրիգոր Աղասեանի,Տիգրան Թոքմաջեանի, Զարուհի Մուրատեանի, Ստեփան Անդրանիկեանի, Հենրիկ Մամեանի եւ եւ Հենրիկ Սիրաւեանի գեղանկար եւ մատիտանկար աշխատանքները, ուր անդրադարձ կատարուած էր Հայոց ցեղասպանութեան թեմային, մասնաւորապէս` Կոմիտաս վարդապետի կերպարին:
Ցուցահանդէսը Վիրահայոց թեմի աջակցութեամբ կազմակերպած էին «Հայարտուն» կեդրոնը, Երեւանի «Սարգիս Մուրատեան» պատկերասրահը եւ Վրաստանի հայ նկարիչներու միութիւնը: Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին երջանկայիշատակ նկարիչ Սարգիս Մուրատեանի դուստրերը` Զարուհի եւ Գոհար Մուրատեանները:
Ներկաներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքին մէջ, Վիրահայոց թեմի մշակոյթի բաժինի տնօրէն, «Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավար Լեւոն Չիդիլեան ցուցահանդէսը անուանեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս Վիրահայոց թեմի հերթական ձեռնարկy:
Վրաստանի հայ նկարիչներու միութեան նախագահ Մերուժան Շահումեան, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան խորհրդական Կարէն Մելիքեան, ցուցահանդէսի գաղափարի հեղինակ Արսէն Խառատեան, բանաստեղծ,թարգմանիչ Անահիտ Բոստանջեան, վրացի նկարիչներ Գիա Մարկոզաշուիլին եւ Ջովաննի Վեփխուաձեն հանգամանալից խօսեցան հայ երաժշտական կեանքի ողբերգութիւնը գեղանկարչութեան միջոցով ցոյց տալու, Կոմիտաս հանճարի` ցեղասպանութեան տարիներուն կրած ապրումները արտայայտելու նկարիչներէն իւրաքանչիւրի մօտեցման մասին: «Սարգիս Մուրատեան» պատկերասրահի հիմնադիր Զարուհի Մուրատեան երախտագիտութեան խօսքեր ուղղեց ցուցադրութեան կազմակերպիչներուն եւ վրացի նկարիչներուն համագործակցութեան կոչ ըրաւ:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան օրհնութեան եւ գնահատանքի իր խօսքին մէջ անդրադարձ կատարեց հայ ազգի դէմ գործած ոճրագործութեան, առանձնացնելով մարդկային առումով` Կոմիտաս հանճարի կործանումը եւ տարածքային առումով` Արարատ լերան կորուստը:
Ցուցադրուած աշխատանքներուն համահունչ դահլիճին մէջ տարածուեցաւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու մեղեդին Երեւանէն յատուկ ժամանած ջութակահարուհի Մանան Գարուկեանի կատարմամբ: «Կոմիտասը 20-րդ դարու հայ նկարիչներու աչքերով» խորագիրով ցուցահանդէսը կը շարունակուի: